Երեքշաբթի, 6 Յունուարի առաւօտուն, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր “Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը” տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի “Բաղրամեան” սրահին մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու։
Երկուշաբթի, 5 Յունուարի երեկոյեան, Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Իսկ Չորեքշաբթի, 7 Յունուարին, Ս. Ծննդեան Մեռելոցի օրուան առիթով, մեր հանգուցեալ հարազատներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան “Hall of Liberty”-ի սրահին եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան “Church of the Recessional” եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն։