Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2019
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ
Յարութեան տօնին յաղթական աւետիսը դարձեալ ցնծութեամբ կը լեցնէ մեր կեանքը, իր լոյսով կը պայծառացնէ մեր սիրտերն ու հոգիները եւ մասնաւորաբար յաւիտենական կեանքի յոյսով կ’ամրապնդէ մեր հաւատքը։ Եկէ՛ք, բոլորս ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ մեր Տէրը եւ Փրկիչը յարութիւն առաւ եւ իր բոլոր թշնամիները սարսափահար փախան եւ ցրուեցան։
Այո՛, Յարութեան տօնը յաղթանակն է կեանքին, յաղթանակը՝ բարիին, լոյսին, ճշմարտութեան եւ արդարութեան։
Արդարեւ, Աստուծոյ Որդին մեզի համար աշխարհ եկաւ եւ սիրոյ, խաղաղութեան, յոյսի, ներողամտութեան եւ հաշտութեան պատգամներով, իր երկրաւոր առաքելութեան տարիներուն ուսուցանեց, քարոզեց եւ մեզի ցոյց տուաւ փրկութեան խոստումն ու յաւիտենական կեանքի ճանապարհը։
Բոլոր անոնք, որոնք զինք լաւապէս ճանչցան եւ ընդունեցին, իրենց խաչը առնելով՝ հետեւեցան եւ աշակերտեցան իրեն։ Իսկ ուրիշներ, վտանգ եւ սպառնալիք զգացին, ջանք չխնայեցին որ ձախողութեան մատնեն իր առաքելութիւնը եւ որոշեցին դաւադրաբար վերջ տալ իր քարոզութեան եւ կեանքին։ Իր հակառակորդները այդ օրերու օրէնքի ուսուցիչներն ու ինքնակոչ հսկիչներն էին, որոնց ներաշխարհը այնքան լեցուն էր կեղծիքով եւ խաբէութեամբ, որ չհանդուրժեցին երկրաւոր վարդապետին իրենց ուղղած արդար քննադատութիւնները եւ ի վերջոյ քահանայապետներուն գլխաւորութեամբ մահուան դատապարտեցին։ Մինչ Յիսուսի սարսափահար եւ շփոթի մատնուած առաքեալներն ու աշակերտները, որոնք իրենց սեփական աչքերով տեսան եւ ականջներով լսեցին իրենց վարդապետին դէմ եղած չարախօսութիւնները, ամբաստանութիւնները, դաւադրութիւններն ու ձերբակալութիւնը, ապա անոնց հետեւած խաչելութիւնը, մահն ու թաղումը, եւ յուսալքուեցան։ Անոնք պահ մը կարծեցին, որ չարը ընդմիշտ յաղթած է, սակայն այդ սկիզբն էր միայն, որովհետեւ Յիսուս «երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առաւ, ապա նոյն մարմնով երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ (Հաւատամք)։
Եւ ահա առաքեալներուն կասկածի ու յուսալքութեան մշուշը եւ յուսահատութեան ամպը փարատեցան, երբ յարուցեալ Տէրը դարձեալ, առանձին թէ հաւաքաբար, երեւցաւ անոնց։ Այնուհետեւ բոցավառ հաւատքով եւ վերահաստատուած յոյսով, նոր կեանք ունեցան եւ դարձան համարձակ եւ քաջ վկաները Տիրոջ Փառքին, վկաներ՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան, իսկ խաւարի իշխանները՝ քահանայապետներն ու փարիսեցիները յաղթուեցան։
Արդարեւ, Յարութեան լոյսն ու ոյժը, ճշմարտութիւնն ու խոստումը յաղթական առաքեալներուն միջոցաւ հասան Հայաստան եւ լուսաւորեցին ու պայծառացուցին մեր ազգը։ Այնուհետեւ ազգովին յարութեան յաղթանակի ջահակիր վկաները դարձանք եւ դարերու ընթացքին՝ հակառակ մեր կրած նեղութեանց, տառապանքներուն, մահուան ու աւերին, մեր հաւատքին մէջ անսասան մնացինք։ Մեր հաստատ համոզումն ու վստահութիւնը մեզ գօտեպնդեցին, որովհետեւ հաւատացինք, կը հաւատանք եւ պիտի հաւատանք, որ ի վերջոյ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը պիտի յաղթեն։ Եւ Քրիստոս իր խօսքերով մեզ յուսադրեց ըսելով՝ «Ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն»։ (Մտ. 16։25)
Սիրելի հաւատացեալներ,
Ամէն տարի, Յարութեան տօնը մեզ կը գօտեպնդէ եւ կը պատգամէ, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի կեանք ունենանք. ճշմարիտ եւ լեցուն կեանք ունենանք (Հմմտ. Յհ. 10։10)։ Դժբախտաբար ամէնօրեայ մեր կեանքին մէջ կ’ապրինք պահեր, որոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ աշխարհի վրայ չարը միշտ պիտի ըլլայ։ Առաւել, ատելութիւնն ու նախանձը, խաբէութիւնը, հալածանքն ու աւերիչ գործերը անպակաս պիտի ըլլան։ Ինչպէս միշտ, այսօր ալ պահեր պիտի գան, երբ մեր հաւատքը փորձութեան պիտի մատնուի։ Մեր յոյսը պիտի տկարանայ, բայց մենք երբեք պէտք չէ ընկրկինք եւ յուսահատինք։ Պէտք է քաջալերուինք մեր Փրկչին խօսքերով թէ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ. 16։33)։ Այո՛, յարուցեալ Տէրը յաղթեց ամէն բանի եւ իր օրինակով, ան որ Աստուծոյ զաւակ է, այսինքն զինք սիրած եւ նոյն սէրը իր պատուիրաններուն գործադրութեամբ արտայայտած է, ինք ալ աշխարհին պիտի յաղթէ (Հմմտ. Ա. Յհ. 5։3-4)։
Դժուար եւ մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք բոլորս։ Ժխտական ազդեցութիւնները ամէնուրեք են, որոնք ամէն վայրկեան կրնան սպառնալ մեր անհատական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքին եւ խաթարել ու ջլատել անոնց բարոյական եւ հոգեւոր ոյժը, տոկունութիւնն ու անբողջականութիւնը։ Այս բոլորին դիմաց պէտք է ըլլալ աչալուրջ եւ արթուն։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ սիրոյ, խաղաղութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան սերմեր ցանենք եւ աճեցնենք նախ մեր սիրտերուն մէջ եւ ապա նաեւ մեր նմաններուն սիրտերուն մէջ, որպէսզի անոնց արդիւնքը վայելենք մեր հաւատքի ճանապարհորդութեան, մեր ծառայութեան, մեր պատասխանատուութեան եւ մեր առաքելութեան մէջ։ Ահա՛ այն ատեն կրնանք ապացուցել, որ լոյսն ու լաւը ընտրած ենք։
Եկէ՛ք ուրեմն, ամէն բանէ առաջ, յարուցեալ Տէրը հրաւիրենք, որ գայ եւ մեր սիրտերուն մէջ բնակի, եւ իր ոյժը հանգչի մեր վրայ, այնպէս ինչպէս Ս. Հոգին եկաւ եւ հանգչեցաւ առաքեալներուն վրայ եւ զանոնք նոր մարդ դարձուց (Հմմտ. Յովհ 20։20)։ Եւ ահա այն ատեն Աստուծոյ սպառազինութիւնը մեր վրայ առնելով, սատանային հնարքներուն դէմ դնելով, յարութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան եւ յաղթանակի վկաները պիտի ըլլանք (Հմմտ. Եփ. 6։11)։
Այս խորհրդածութիւններով ներշնչուած, Մեծ Պահոց հոգեւոր ճանապարհորդութեան շնորհներով պայծառացած, մարմնով, միտքով եւ հոգիով վերանորոգուած եւ մանաւանդ Յարութեան ոյժով եւ խոստումով ամրապնդուած, մեր սրտագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները կը յղենք մեր հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեան, ծխական շրջաններուն, կազմակերպութեանց, միութեանց, կրթական հաստատութեանց եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։
Կ’աղօթենք, որ Յարութեան յաղթանակը աշխարհի ու յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի երկնակամարներուն վրայ շողայ եւ Աստուծոյ պահապան աջը հովանի ըլլայ մեր պետութեան, հոգեւոր, ազգային ղեկավարներու առաքելութեան վրայ։
Թո՛ղ Յարութեան շունչը վերանորոգէ մեզ բոլորս։
Թո՛ղ մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքն ու ծառայութիւնը առաջնորդուին «լուսոյ որդիներու» օրինակով, որպէսզի ապրինք եւ գործենք ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԵՒ ԲԱՐԻ ԶԱՏԻԿ ԲՈԼՈՐԻՍ
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
Ս. Զատիկ, 2019