Ինչպէս հաղորդած էինք, Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան» աւանդական ընթրիքը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, նախաձեռնութեամբ Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Այս տարուան ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորն է Պաղտասարեան ընտանիքը, Տիկին Հիլտա եւ իր զաւակները Տէր եւ Տիկին Փիթըր եւ Ռուպի եւ Տէր եւ Տիկին Գեւիկ եւ Փաուլա, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն ու հօր, մեր Թեմի ու գաղութի նուիրեալ բարերարներէն՝ հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանի։
Ընթրիքի երեկոն առիթ կ’ընծայէ Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, բարերարներուն ու բարեկամներուն՝ միասնաբար տօնելու Քրիստոսի Ս. Ծնունդը եւ մաղթանքներ փոխանակելու տօնին խորհուրդներով առլցուն տարի մը կերտելու։
Հովանաւորութեան համար դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, հեռաձայնելով 818-248-7737 թիւին։