– ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐ՝ ՏԻԿՆԱՅՔ ԱՆԱՀԻՏ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆ-ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ, ՔԷԹԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ, ՆԱԵՒ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՏՈՔԹ. ՄԻՍԱՔ ԱՊՏՈՒԼԵԱՆԻ, ՄԻՆԱ ՇԻՐՎԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ
– ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԵՒ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ 2019-Ի ԵՒ 2020-Ի ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՆԵՐԸ
Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդներն ու պատգամները 2018-ի սեմին անգամ մը եւս մարմնաւորուեցան Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ, ուր մեր ժողովուրդը, եկեղեցիներու կամարներուն տակ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ յատուկ արարողութիւններով ու Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքով վերապրեցան հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ, բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին ու վեր առին պատմական տարի մը կերտելու կամքը, նկատի ունենալով, որ ազգովին պիտի նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի հաստատման 60-րդ ու Արեւմտեան մեր Թեմի 45-րդ տարեդարձը։
Այս ծիրին մէջ, ու հաւատարիմ մնալով աւելի քան 20 տարիներու բարի աւանդութեան, Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, պետական ու միութենական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ՝ շուրջ 550 հոգի, Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրին, համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, տօնական մթնոլորտի մէջ վերանորոգեցին եկեղեցաշէն ու ազգակերտ առաքելութիւնը վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակելու ուխտը։
Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսներ՝ Տեարք Պերճ Աբգարեան (Ֆրեզնօ) եւ Ատրուշան Արմէնեան (Լաս Վեկաս), Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, քաղաքական ներկայացուցիչ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Արա Նաճարեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Ճէք Հաճինեան, Թեմիս հոգեւոր դասու, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, ազգային երեսփոխաններ, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց անդամներ, Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի, «Դրօ» Կոմիտէի, կրթական համակարգի եւ CASPS-ի ներկայացուցիչներ, «Ասպարէզ»ի, Կլենտէյլի Հայ-Ամերիկեան թանգարանի, «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի ու ոստիկանութեան, Հայ-Ամերիկեան Բժշկական ընկերակցութեան, «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Ընթրիքը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ, օժանդակութեամբ ընթրիքի յատուկ յանձնախումբին։ Գլխաւոր հիւրընկալն էր Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեան, պահպանելով իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Կայծակի յիշատակն ու բարի աւանդութիւնը։
Հանդիսավարն էր Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, որ արտասանեց ողջոյնի հակիրճ խօսք մը եւ հրաւիրեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամ Տիկին Վանիա Պապիկեանը՝ արտասանելու Մարմինին բարի գալուստի խօսքը։ Տիկին Վ. Պապիկեան իր խօսքը սկսաւ շարականին «Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս, երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետիս» բառերով, մաղթեց բարիքներով լեցուն տարի մը, մանաւանդ, որ պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը։
Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, որ նշեց, թէ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը ցնծութեան առիթ է բոլորիս համար, ու մաղթեց, որ անկէ բխող՝ խաղաղութեան ալիքը համակէ բոլորս՝ անհատաբար, իբրեւ ազգ ու տարածուի ամբողջ աշխարհին։
Ողջոյնի խօսքերէն ետք, սկիզբ առաւ տօնական խորհրդաւոր պահը։ Սրահին լոյսերը մեղմացան եւ Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ՝ հոգեւոր հայրերը հանդիսաւոր թափօրով սրահ մտան մոմեր ի ձեռին, «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» եւ Ս. Ծննդեան այլ շարականներով ներկաներուն փոխանցեցին տօնին աւետիսը: Հայր Թորգոմ ընթերցեց Քրիստոսի ծննդեան մասին աւետարանական հատուածը։ Յաջորդեց Թաթախի աւանդական արարողութիւնը. իւրաքանչիւր սեղանի երիցագոյն անդամը նշխարը բաժնեց սեղանակիցներուն, որոնք գինիի բաժակներուն մէջ թաթխելով ճաշակեցին։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ուղղած էր տեսագրեալ պատգամ մը, որ ցուցադրուեցաւ պաստառի վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը կ’ողջունէր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ժողովականութեան անդամները, Թեմիս հայկական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը, կը գնահատէր բոլորին ծառայութիւնները։ Ն. Ս. Օծութինը կը նշէր, որ Ս. Ծննդեան պատգամը կարելի է խտացնել մէկ գաղափարի մէջ՝ հոգեւոր վերածնունդ ու վերանորոգում՝ բառին ամբողջական իմաստով։ Վերանորոգումը պէտք է ընկալել իր քրիստոնէական ու մարդկային իմաստներով, զայն ընդունիլ իբրեւ ազնիւ մարտահրաւէր՝ անհատական ու համայնքային կեանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կը յիշեցնէր, որ այս հրաւէրը վերանորոգուած է Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, որմէ բխած է մեր հաւաքական կեանքի ու Թեմերու վերանորոգման յորդոր մը, եւ կ’ընդգծէր, որ կեանքը առանց վերանորոգումի կը կորսնցնէ իր իմաստը, այս հրաւէրին պէտք է ընդառաջել լուրջ մօտեցումով եւ հաւաքաբար։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը կ’եզրափակէր գնահատանք արձանագրելով Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային իշխանութեան եւ կոչ կ’ընէր վերանորոգ թափով շարունակելու ժողովրդանուէր ու եկեղեցաշէն նուիրեալ ծառայութիւնը։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան։ Ան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց ներկաներուն, յայտնեց, թէ այս տարի կը լրանայ Ազգ. Վարչութեան անդամակցութեան իր երկրորդ շրջանը, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց գործակիցներուն եւ մասնաւորաբար շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ իր 60-րդ տարեդարձին եւ աւելի քան 40 տարիներու քահանայական ծառայութեան ու Թեմիս մէջ իբրեւ Առաջնորդ աւելի քան 20 տարիներու պաշտօնավարութեան տարեդարձներուն առիթով, ու յաջողութիւն մաղթեց անոր ծառայական երթին։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ
Ընթրիքի պահուն, իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Ելոյթ ունեցան Կրէկ Հօշարեան ու իր նուագախումբը (Կրէկ Հօշարեան՝ դաշնակ, Սալբի Քէրքոնեան՝ սրինգ, Այլին Ամիրայեան՝ մեներգ, Անժելա Ամիրեան՝ ջութակ եւ Ճորճ Պիլէզիկճեան՝ տհոլ), որոնք դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երաժշտութեամբ ու երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը: Պարային պատկերներ ներկայացուցին Համազգայինի «Անի» պարախումբի անդամներ, ղեկավարութեամբ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի, իսկ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրապետ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ Մարիայի, ու Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ դպիրներէն Յովհաննէս Պալեան ներկայացուցին մեներգներ, տօնական խանդավառութիւն տարածելով սրահին մէջ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։
Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդով տոգորուած ու քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց պաշտօնական հիւրերուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութիւնը, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ բոլորիս առիթը ընծայեց թեւակոխելու 2018 տարին, թէ՛ անհատաբար եւ թէ իբրեւ միութիւններ ու ազգ-հայրենիք՝ պատրաստուելու բազմաճիւղ աշխատանքի։ «Ամէն անգամ, երբ տարեմուտի օրերուն կը տօնենք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, մեր սրտերն ու հոգիները կը լեցուին նո՛ր ցնծութեամբ, նո՛ր բերկրանքով ու մանաւանդ նոր յոյսերով, որոնք կը բխին նոյնինքն այս տօնին խորհուրդէն», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, նկատել տալով, որ Ս. Ծնունդով սկիզբ առած՝ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը մարդկութեան շնորհուած աստուածային մեծագոյն պարգեւն է եւ մեզի կը բերէ անժամանցելի պատգամներ. «Տօնական այս օրերը կը յիշեցնեն մեզի, որ Յիսուս Մանուկը ծնունդ առաւ համեստ մսուրի մը մէջ ու ապրեցաւ համեստ կեանք մը, ցոյց տալով, որ Աստուծոյ կատարելագոյն ստեղծագործութիւնը՝ մարդը, այս երկրաւոր կեանքը պէտք է ապրի Իր օրինակին հետեւելով»։ «Ս. Ծննդեան շարականներն ու Ս. Գրային հատուածը յուշարար էին «սուրբ ու լուռ գիշերուան մը մէջ աշխարհին տրուած մեծ աւետիսին, թէ ծնած է Փրկիչը, ծնած է թագաւորներուն Թագաւորը, որուն մասին դարեր առաջ մարգարէացած էին Եսայի ու Միքիա մարգարէները, մարդը յուսադրած էին, որ Երկնաւոր Հայրը մարդուն պիտի պարգեւէ Իր Միածինը՝ մեղքեր քաւողը, ցաւեր փարատողն ու յաւիտենական կեանքի ճամբան ցոյց տուողը»։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ս. Աթոռոյս շնորհազարդ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որուն պատգամին ունկնդիր եղան բոլորը։
Շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի կողքին գործող՝ գաղութի բոլոր կազմակերպութեանց ու միութեանց, բարերարներուն ու բարեկամներուն, ողջունեց երեկոյին մասնակիցներուն ներկայութիւնը։
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք՝ ընթրիքի երեկոյի գլխաւոր հովանաւորին՝ Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեանի, որ թէեւ այս երեկոյ անձամբ չէր կրցած ներկայ ըլլալ, սակայն անգամ մը եւս սիրայօժար կերպով յանձն առած է հիւրընկալութիւնը, գործնապէս յիշեցնելով, որ հանգուցեալ ամուսինին՝ Կայծակին հոգին մեզի հետ է միշտ։
Շնորհակալութիւն նաեւ Տիկին Քէթի Պետրոսեանին, որ 100,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ մը Ազգ. Առաջնորդարանիս յարկին տակ յատուկ ծրագիրներու նոր հիմնադրամ մը հաստատեց։ Ան բեմ հրաւիրեց ազնիւ բարերարուհին ու զայն պատուեց յուշատախտակով մը։ Այս ու յաջորդ յուշատախտակներու յանձնումին մասնակից եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ փոխ ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր բարերարներուն, հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, Ազգ. Առաջնորդարանիս Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Ընթրիքի յանձնախումբին եւ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին։
Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ «այս երեկոն պահ մըն է յիշելու նաեւ մեզմէ մշտականապէս այս երկրաւոր աշխարհէն մեկնած, սակայն յաւիտենական հանգիստը գտած սիրելիներ եւ մեր ժողովուրդի ծառայողներ. յատկապէս կ’ուզեմ յիշել Տոքթ. Միսաք Ապտուլեանը, որ իր բարի գործերով մեզի հետ եղաւ միշտ, եւ այսօր զինք կը յիշենք իբրեւ հաւատաւոր հայ քրիստոնեայ, ազնիւ մարդ, ընտանիքի հայր եւ ուխտապահ բժիշկ, իսկ անոր ազնիւ տիկինը՝ Հուրիկը, տարիներ շարունակ մաս կազմեց Ազգ. Առաջնորդարանիս Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին եւ գործակիցներուն հետ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Մարմինին ծառայական աշխատանքներուն ճամբով։ Ան բեմ հրաւիրեց Տիկին Ապտուլեանը ու զաւակները՝ Տոքթ. Մայքըլը եւ Մարին եւ երախտագիտութեան յուշատախտակ մը յանձնեց անոնց։
Առաջորդ Սրբազանը այնուհետեւ յաջորդաբար կանգ առաւ մեզմէ բաժնուած այլ բարերարներու՝ Մինա Շիրվանեանի ու Յակոբ Պաղտասարեանի յիշատակին առջեւ։ Ան յայտնեց, որ «Մինա Շիրվանեանի բարեգործութիւնները մեր հաստատութեանց ու ժողովուրդին բաշխուեցան նիւթապէս ու բարոյապէս, ան եղաւ ազգային գործիչ եւ իր աշխատանքով մասնակից եղաւ մեր հանրային կեանքի ծաղկումին։ Հանգուցեալին ամուսինը՝ Պարոն Յակոբը մեզի հետ է այս երեկոյ, ու ներկայութիւնը համազօր է Մինայի ներկայութեան։ Առողջութիւն եւ երկար կեանք կը մաղթեմ Պարոն Յակոբին, որուն կողքին եղաւ Տիկին Մինան իր բոլոր բարի գործերուն մէջ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ բեմ հրաւիրելով բարերարներուն դուստրը՝ Ալիսն ու անոր զաւակը՝ Քրիստափորը, անոնց յանձնեց յուշատախտակ մը։
Ի վերջոյ, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ «սիրով ու գնահատանքով կը յիշենք բարերար Յակոբ Պաղտասարեանը, որ եղաւ մեր օրերու «Բարի Սամարացի» մը, լուռ ու մունջ օժանդակութեան ձեռք երկարեց Ազգային Առաջնորդարանիս, մեր Թեմի հայկական կազմակերպութեանց ու միաւորներու, հասաւ Հայաստանին, Արցախին եւ Ջաւախքին։ Պաղտասարեան ընտանիքի անդամները եւս հաւատարիմ են իրենց ամուսնոյն, հօր ու հարազատի կեանքի օրինակին ու բաց կը պահեն բարեգործութեան ուղին, յանձնառու են շարունակելու անոր բացած ճանապարհը»։ Ան բեմ հրաւիրեց հանգուցեալ բարերարին տիկինը՝ Հիլտան եւ զաւակները՝ Փիթըրը ու Գեւիկը, եւ յանձնեց յուշատախտակ մը։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց երկու գեղեցիկ անակնկալներ։ Ան ըսաւ, որ հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանի զաւակները՝ Փիթըրն ու Գեւիկը, հաւատարիմ մնալով իրենց հօր ստեղծած բարերարութեան աւանդութեան, այժմէն իսկ 100,000 տոլարի խոստումով մը պատրաստակամութիւն յայտնած են ըլլալու յառաջիկայ՝ 2019 տարուան ընթրիքի սոյն երեկոյի հովանաւորը, իսկ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան բարերար ամոլը յանձն առած է հովանաւորումը 2020 տարուան ընթրիքի երեկոյին։ Ներկաները խանդավառ ծափահարութիւններով եւ գնահատանքի արտայայտութիւններով ողջունեցին այս անակնկալները։
Իր խօսքին յաջորդ բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ «տարեմուտն ու Ս. Ծննդեան տօնը առիթ են, որ ինքնաքննարկումի ակնարկով նայինք մեր կտրած ճամբուն ու ծրագրենք նորը, վերահաստատենք մեր ուխտն ու յանձնառութիւնները։ Ու երբ կը թեւակոխենք 2018 տարին, մեր մտապատկերի հորիզոնին կը պարզուի յոբելենական տարի մը, որ կը յատկանշուի բազմաթիւ տարեդարձներով։ Արդարեւ, պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձը, Կիլիկեան Ս. Աթոռի փարոսէն բոցավառած ջահին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բարձրացման 60-րդ, ու Արեւմտեան մեր Թեմին իբրեւ առանձին շրջան հաստատման 45-րդ տարեդարձները։ Չենք մոռնար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը դարադարձի տարի է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին համար, իսկ Համազգայինը կը նշէ իր 90-րդ տարեդարձը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը համազգային հանգրուան է եւ հպարտութիւն ներշնչող տօն։ Ան յիշեցուց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը իբրեւ նուէր չտրուեցաւ մեր ժողովուրդին, այլ անիկա արդիւնք էր դարաւոր պայքարներու, որոնք թագադրուեցան Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով, որոնք ներշնչում առած էին 1567 տարի առաջ մղուած Աւարայրի ճակատամարտէն, երբ իբրեւ պատասխան Յազկերտի կրօնափոխութեան պահանջին, մեր պետական ու կրօնական առաջնորդները յայտարարած էին, թէ «մեր հայրը Աւետարանը կը ճանչնանք, իսկ մեր մայրը՝ Առաքելական Ս. եկեղեցին»։ Մեր մեծ բանաստեղծը պատմական զոյգ պահերը խտացուցած է «Աւարայրից ջանք արան, այստեղ մի պահ կանգ առան…» տողերով, յիշեցնելով, որ Աւարայրի ու Սարդարապատի մէջ, մեր հերոս ժողովուրդը սեփական բազուկի ուժով վճռեց հայրենիքին ճակատագիրը, այդ ուղին այսօր կը շարունակուի Արցախի մէջ», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին՝ հաւատքի հոգեւոր ժառանգութեան, հայրենիքի ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջնաբերդ մը ըլլալու հանգամանքին, նկատել տալով, որ անիկա նաեւ լծուած է հայրենաշէն առաքելութեան։ Ան շեշտեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանը, անոր հովանիին տակ գործող եկեղեցիներն ու Ազգ. Վարժարանները մասնակից են այս առաքելութեան կենսագործման։
Խօսելով յատկապէս մեր Թեմի սահմաններուն մէջ Ազգ. Առաջնորդարանի դերակատարութեան, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այս առաքելութեան ծաւալումին մէկ պերճախօս արտայայտութիւնն ալ՝ հոգեւորականաց դասուն երիտասարդացման ու նոր ուժերով օժտուելուն իրականութիւնն է։ Ան յիշեցուց, որ անցեալ տարի, ընթրիքի այս երեկոյին, գոհունակութեամբ ողջունած էր ներկայութիւնը երկու միաբանակիցներու՝ Հայր Տաճատի եւ Հայր Պարոյրի, որոնք լծուած են Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր ծխական համայնքներուն ծառայութեան, իսկ այս երեկոյ, ողջունեց ներկայութիւնը Թեմիս նոր Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակից է Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոյին եւ լծուած է Առաջնորդարանի աշխատանքի ընդարձակուող դաշտերուն մէջ ներդում ունենալու առաքելութեան։ Տակաւին, Թեմիս հոգեւորականաց դասը օժտուեցաւ նաեւ նոր երիտասարդ քահանայով մը՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։ Երիտասարդ միաբանակից եղբայրները, վաստակաշատ ու փորձառու հովիւներուն հետ լծակցաբար, յառաջ կը տանին հոգեւոր կարիքներու մատակարարման ու ժողովրդանուէր եւ սերնդակերտ առաքելութիւնները։ Այս առիթով, ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանիս յարկին տակ տեղի ունեցած իրագործումներուն, մասնաւորաբար յիշելով նոր հրատարակութիւններ, որոնք տրամադրուեցան մեր հոգեւորականներուն ու ժողովուրդին, անոնցմէ բաժին հանուեցան նաեւ հայ բանտարկեալներու։ Ազգ. Առաջնորդարանի Դաստիարակչական-Մշակութային յանձնախումբը կազմակերպեց ձեռնարկներ, իսկ Հայերէնի Վերականգնումի Մարմինը նոր քայլեր առաւ իր առաքելութիւնը գործնականօրէն թարգմանելու համար։ Շարունակուող աշխատանքներուն շարքին է Սուրիոյ հայութեան նորագոյն նպաստը, որ իրականացաւ ՍԱՐՖ-ի անդամ մեր գործակիցներուն ձեռքերուն միացումով, երբ քանի մը շաբաթ առաջ մեր Թեմին մէջ հիւրընկալեցինք Բերիոյ հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Սրբազանը։ Ան գնահատանք արձանագրեց այն գործակցութեան համար, որ կը շարունակուի Ազգ. Առաջնորդարանին եւ ազգօգուտ ծառայութեան լծուած հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց միջեւ։ Ան յատկապէս յիշատակեց Հայ Մշակութային Հիմնարկը, Հայ Դատի հետապնդման դաշտը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Հայ Օգնութեան միութիւնը, Համազգայինը, տակաւին՝ կան Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկն ու Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը, որոնց կողքին ու լծակից գիծերու վրայ կը գործեն հայրենակցական միութիւններն ու մասնագիտական ընկերակցութիւնները ու տակաւին, Կլենտէյլի մէջ Հայ-Ամերիկեան թանգարանը, որուն վիճակուած է յատուկ առաքելութիւն։
Եզրակացնելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ մեզի՛ կը մնայ այս պատմական տարեդարձներէն անդին տարածուող նոր հորիզոնները օգտաշատ եւ աւելի՛ արդիւնաւոր աշխատանքով՝ միասնաբար կերտելու ազնիւ պարտականութիւնը։ Ան շնորհաւորեց բոլորին նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը եւ մաղթեց, որ Հայաստանն ու ամբողջ աշխարհը ցնծան այս աւետիսէն բխող բարիքներով, Մանուկ Յիսուսի ծնունդով աւետուած սիրոյ, հաճութեան, խաղաղութեան, խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան պատգամները իբրեւ փարոս առաջնորդեն մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը, մեզի ներշնչեն ներդաշնակ ու համերաշխ գործակցութեան ոգի, իսկ մարդկութիւնը առաջնորդեն դէպի աստուածահաճոյ կենցաղի։
Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»էն ետք, ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն ու Հայրապետական Մաղթանքը, ապա, պահ մը եւս մնացին սրահին մէջ, շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ փոխանակելով։