Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ՝ ՆՄԱՆԻՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
«Եւ Բանը մարդ եղաւ
եւ մեր միջեւ բնակեցաւ»
(Յովհ. 1։14)
Դարձեալ կը գտնուինք նոր տարուան մը սեմին եւ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ պիտի դիմաւորենք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը։
Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ տարի մը եւս պարգեւեց մեզի։ Գոհութիւն Ամենակալին՝ Իր Միածին Որդւոյն պարգեւին համար, որ Ս. Աթանաս Հայրապետին բառերով՝ «Մարդացաւ որ մարդը աստուածանայ»։
Նախամարդոց՝ Ադամին եւ Եւային անկումէն ետք, Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդը իր Արարչէն բաժնուեցաւ եւ հեռացաւ։ Նախասահմանուած ժամանակին, Աստուած մարմնացաւ եւ մարդացաւ, նոյն Իր ստեղծած մարդուն՝ մեր փրկութեան համար. «Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը Միածնին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յովհ. 1։14)։
Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի մենք զԱստուած ճանչնանք եւ Իր բնութեան եւ կամքին փորձառութիւնը ապրինք։ Աստուածորդին ծնաւ, որ մենք Հօր Աստուծոյ անսահման սէրը վայելենք եւ վկայենք։ Միածինը մեր մէջ բնակեցաւ, որ սրբութեան տիպար ըլլայ բոլորիս եւ իր օրինակով ցոյց տայ ճշմարիտ ճանապարհը եւ առաւել կեանքը, որ Աստուծոյ կամքն է։
Արդարեւ, երբ դարեր առաջ, Բեթլեհէմի համեստ մսուրին մէջ Յիսուս ծնաւ, երկնային զօրքերուն՝ հրեշտակներու բազմութիւնը զԱստուած օրհնաբանելով, երգեց.- «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ, եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկ. 2։14)։ Հովիւները եկան Իրեն երկրպագելու։ Արեւելքի իմաստուն մոգերը փառաբանեցին Զինք իբրեւ «Նոր Արքայ», Անոր նուիրաբերելով ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս։
Ամէն տարի, Աստուածայայտնութեան տօնին ո՛չ միայն մեր Փրկչին Ս. Ծնունդը կը տօնենք, այլ Անոր «Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ»ին ճշմարիտ իմաստն ու պատգամը կը վերապրինք՝ մարդեղութիւնը, Աստուծոյ մեր մէջ բնակութիւնը եւ Իրեն նմանելու հրաւէրը։ Այդ լուռ եւ սուրբ գիշերը, Աստուած մարդացաւ, ինքզինք խոնարհեցուց եւ մեզի պէս եղաւ, որ մենք մեր հայեացքն ու հոգիին աչքերը Իրեն սեւեռելով, Իրեն նմանինք։
Կ՚անդրադառնա՞նք, թէ Յիսուս ինչո՞ւ մարդկային կերպարանքով աշխարհ եկաւ։ Գիտենք թէ ինչպէս, Հին Կտակարանի ժամանակներուն, մարդիկ կը զարհուրէին Աստուծմէ, կը սարսափէին երբ Իր ձայնը կը լսէին եւ Իր սրբութիւնը իրենց աչքերով կը տեսնէին։ Եւ ահա Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարմնով, մեր կերպարանքով, իբրեւ մարդ եկաւ, որպէսզի մարդը Իրեն մօտենայ. «Ահա թէ ինչու՝ նաեւ Քրիստոս ամէն ինչով պէտք էր իր եղբայրներուն նման ըլլար, որպէսզի կարենար ողորմած եւ վստահելի քահանայապետ մը ըլլալ Աստուծոյ քով, Աստուծոյ ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար» (Եբր. 2։15)։ Արդարեւ, որպէսզի Աստուածորդին հարազատօրէն մարդկութիւնը ներկայացնէր, մեր «փոխանորդը» ըլլար եւ մեր փրկութեան ճանապարհը բանար, Ան պէտք էր մարդանար եւ մարդկային կեանքի փորձառութիւնը ապրէր եւ մարդու կեանքին պայմաններուն բաժնեկից ըլլար։
Այո, Միածին Որդին մարդացաւ որ մենք կարենանք սրբագործուիլ։ Եւ արդարեւ, Ան մեզ սրբագործեց մեր մեղքերուն գինը վճարելով եւ մեզ Իր արդարութեամբ պարուրելով։ Ան եկաւ մեզ կերպարանափոխելու, եւ «ճշմարիտ եւ առաւել» կեանք պարգեւելու, զոր մենք մեր կարողութեամբ չյաջողեցանք ունենալ։ Եւ բոլորս Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալուստով, Աստուածային կեանքին կատարելութիւնը վկայեցինք։ Մարդեղութեան խորհուրդով, Աստուած Իր Ս. Հոգին առատօրէն բաշխեց մեզի, ոյժ եւ զօրութիւն պարգեւեց, Աստուծոյ նմանելու եւ Անոր հաճելի կեանք մը ապրելու։ Ան, որ Զինք կ՚ընդունի, նոր կեանք կ՚ունենայ իբրեւ Աստուծոյ զաւակ մը։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Աստուած մարդացաւ, որ մենք նմանինք Աստուծոյ եւ Իր օրինակին հետեւինք։ Սակայն մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հաստատած իտէալ օրինակին կարենալ հետեւելու համար պէտք է մեր նմանները մեզմէ աւելի գերադասենք, եւ այդ կարելի կ՚ըլլայ իրագործել բարի կամեցողութեամբ եւ մարդասիրութեամբ, ոչ թէ միայն ողորմածութեամբ, այլ սիրով։ Յիսուս մեզի սորվեցուց որ Աստուծոյ եւ մեր նմանին հանդէպ ունեցած սէրը մեծագոյն սէրն է եւ Իրեն համար համահաւասար է, որովհետեւ այն նոյն սէրն է որ մեզ Իր հետեւորդները կը դարձնէ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ զիրար սիրեցէք։ Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յովհ. 13։34-35)։
Արդարեւ, մեզի, քրիստոնեաներուս համար մարդասիրութիւնը՝ բարեգործութիւնը հիմնական բաղկացուցիչն է մեր հաւատքին։ Այն պարտականութիւն մը կամ պարտաւորութիւն մը չէ, այլ մեր սիրոյ եւ կարեկցութեան արտայայտութիւնն է։ Աստուծոյ մարդուն հանդէպ տածած անսահման սէրն ու կարեկցութիւնը, որ արտայայտուեցաւ Իր Որդւոյն ծնունդով, եւ ապա խաչելութեամբ, մեզի համար ուղեցոյց մը, որ հետամուտ ըլլանք առատասիրտ ըլլալու մեր նմաններուն հանդէպ։
Արդարեւ, մենք զմեզ չենք կրնար քրիստոնեայ դաւանիլ, եթէ երբեք Աստուծոյ սէրը մեր նմանին հանդէպ չենք կրնար արտայայտել. «Ով որ կ՚ըսէ թէ Քրիստոսի միացած կը մնայ,պէտք է ապրի այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս ինք ապրեցաւ» (Ա. Յովհ. 2։6)։ Աստուած մեր մէջ բնակեցաւ որ Իր սէրը ցոյց տայ։ Որպէս Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած արարածներու, չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր նմաններուն հանդէպ, որոնք օգնութեան կարիքը ունին։ Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք է Աստուծոյ սէրը ճառագայթէ մեր նմաններուն հետ ունեցած մեր յարաբերութեամբ, բարի կամեցողութեամբ եւ բարեգործութեան ճամբով։
Ինչպէս ժողովրդային առածը կ՚ըսէ. «Բարեգործութիւնն ու մարդասիրութիւնը սկիզբ կ՚առնեն տունէն՝ մեր ներաշխարհէն»։ Որպէս հայորդիներ, մենք մաս կը կազմենք մեր սեփական ընտանիքին, սակայն միաժամանակ մեր համայնական ընտանիքին։ Ընտանիք մը՝ որուն անդամները տարածուած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ, որոնք սակայն բոլորն ալ հոգեպէս մեզ կը միաձուելեն իրարու։ Որպէս քրիստոնեաներու, պէտք է բոլորս հաւաքաբար քրիստոնէական մարդասիրական ոգիով եւ եղբայրական ազնուութեամբ տոգորուինք իրարու հանդէպ, եւ մասնաւորաբար այս օրերուն մեր Սուրիոյ եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Մեր սուրիահայ անմեղ հարազատները ներգրաւուած են սուրիական եղբայրասպան պատերազմին ու տագնապին մէջ։ Ձմրան ցուրտն ու դժուար պայմանները պիտի վատթարացնեն իրենց վիճակը եւ օժանդակութեան կարիքը աւելի եւս զգալի պիտի դառնայ։ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը տարուան ամէնէն երջանիկ պահերն են։ Դժբախտաբար, սակայն, սուրիահայ մեր ազգակիցներու ու աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր տագնապահարներու համար, տօնական օրերու գեղեցիկ եւ ուրախ մթնոլորտը աղօտած է։ Երբ տօնական այս օրերուն շնորհակալ ենք Աստուծոյ եւ Իր բարիքները կը վայելենք, եկէ՛ք, իբրեւ քրիստոնեաներու, մեր սիրոյ պարտքը կատարենք եւ մեր օժանդակութեան ձեռքը երկարենք բոլոր կարիքաւորներուն, մեր բարիքներէն բաժին հանելով անոնց եւ մեր սէրը բաշխելով, որպէսզի ճշմարտօրէն առաւելագոյն չափով տարածենք Ս. Ծննդեան աւետիսը։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Եկէ՛ք, նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան գեղեցիկ, մեր հոգիները ջերմացնող, մեր սրտերը լուսաւորող այս մթնոլորտին մէջ, մեր սէրը գործնապէս արտայայտենք։ Ո՛չ միայն մէկ օրուան համար, այլ այս տօնին խորհուրդը ապրինք ամբողջ տարուան ընթացքին սիրով, կարեկցութեամբ եւ մեր բարիքներէն մեր նմաններուն բաժին հանելով. «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Այս է ճշմարիտ նուէրը Ս. Ծննդեան։
Եկէ՛ք, միասնաբար տարուան բոլոր օրերուն փառաբանենք զԱստուած, Իր Միածնին մարդեղութեան խորհուրդին համար, եւ Ս. Ծննդեան պատգամը տարածենք մեր ամենօրեայ կեանքին վրայ, մեր Տիրոջ հետ քալելով եւ Իր սիրոյն վկաները հանդիսանալով եւ զայն մեր նմաններուն հանդէպ բարեգործութեամբ եւ կարեկցութեամբ արտայայտելով։
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան երջանկաբեր այս տօներուն առիթով, մեր սրտագին բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք մեր Թեմի հոգեւոր դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններու ընտրեալ ու նշանակեալ բոլոր մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն, մեր կրթական հաստատութեանց բոլոր նուրեալներուն եւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, աղօթելով, որ 2014 Նոր Տարին ըլլայ օրհնաբեր՝ լի սիրով, խաղաղութեամբ եւ հաճութեամբ։
Շնորհաւոր Նոր Տարի
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ
Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2014