Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 15 Յուլիսի 2016ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ Քանատայի Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Բարձր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, որոնք հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուին:
Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Տ. Բաբգէն Սրբազանը՝ Քանատայի Թեմի Առաջնորդ ընտրութեան առիթով, ու յաջողութիւն մաղթեց անոր եկեղեցաշէն ու ժողովրդանուէր առաքելութեան:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու երեք Թեմերը յուզող հարցերու եւ ծրագիրներու շուրջ: Յատուկ կարեւորութեամբ քննարկուեցան միացեալ հրատարակութիւններու, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի յառաջիկայ այցելութեան վերաբերող ծրագիրները:
Ծանօթ է, որ Վեհափառ Հայրապետը, իր ձեռնադրութեան եւ օծման 20րդ տարեդարձին առիթով, յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ երեք Թեմերը: Ն.Ս. Օծութիւնը 30 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր պիտի ըլլայ մեր Թեմի հաւատացեալներուն ու ժողովականութեան հետ, ապա, յաջորդաբար պիտի այցելէ Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմերը:
Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ճաշով հիւրասիրեց հիւր Սրբազան Հայրերը: