Վերամուտի Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանը


Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանը իր պաշտօնական վերամուտը ունեցաւ Երկուշաբթի, 22 Օգոստոս 2016ի առաւօտուն եւ այս առիթով, ընդունեց Թեմիս բարեխնամ Աաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի այցելութիւնը:

Վերամուտի արարողութեան ներկայ եղան Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Ազգ. Երեսփոխանական կազմի եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամներէն՝ Տիկին Սօսի Յովսէփեան, վարժարանի Ուսումնական Մարմինի անդամներ, բարերարներ ու ծնողներ:

Աշակերտները հաւաքաբար երգեցին Տէրունական Աղօթքը: Ուսումնական Մարմինի ատենապետ Տիար Գէորգ Քէշիշեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, որ շեշտեց Հայ Դպրոցին կենսական առաքելութիւնը: Ապա, խօսք առաւ վարժարանին նոր տնօրէնուհին՝ Օր. Սանան Շիրինեան, որ ողջունելէ ետք աշակերտներն ու պաշտօնակիցները, յայտնեց, որ համաձայն տարիներու աւանդութեան, վարժարանը իւրաքանչիւր ամսուան համար պիտի որդեգրէ նշանաբան-բառ մը. այս ամսուան նշանաբանն է Հպարտ: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնալ հպարտութիւն ըսելով, թէ՝ մենք հպարտ ենք մեր աշակերտներով, եւ թէ՝ աշակերտներ ինչպէս կրնան հպարտանք ներշնչել իրենց դպրոցին ու հայրենիքին:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին սկզբնաւորութեան փառք տուաւ Աստուծոյ՝ վերամուտի այս բացառիկ պատեհութեան համար, օրհնեց աշակերտներն ու դաստիարակները, վարժարանին մեծ ընտանիքը, յատկապէս ողջունեց նոր նշանակեալ տնօրէնուհին եւ յաջող երթ մաղթեց անոր: Առաջնորդ Սրբազանը յուշերով վերադարձաւ այն օրերուն, երբ շուրջ երեք տասնամեակներ առաջ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն էր ու կրօն կը դասաւանդէր այս վարժարանին մէջ, ապա արձագանգելով այս ամսուան համար որդեգրուած նշանաբանին՝ հաստատեց, թէ ինք եւս հպարտ է մեր աշակերտներով, նոր տնօրէնուհիով, դաստիարակներով ու անձնակազմի անդամներով, որոնք յանձնառու մօտեցումով կը կատարեն իրենց հայակերտումի առաքելութիւնը: Ան յիշեցուց, որ 2016 տարին հռչակուած է Ծառայութեան Տարի, ու հետեւելով Վեհափառ Հայրապետին պատգամին՝ բոլորս պարտինք ըլլալ ծառայութեան տիպար օրինակներ: Ան ողջունեց ու գնահատանք արձանագրեց բոլոր այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին Հայ Դպրոցին, օրհնեց յիշատակը բոլոր բարերարներուն եւ հիմնադիր անդամներուն, որոնց ճիգերուն մարմնաւորումն է այս վարժարանը:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակից հիւրերը այցելեցին դասարանները: Ապա, բոլոր աշակերտները առաջնորդուեցան Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը. աշակերտները երգեցին »Առաւօտ Լուսոյ« շարականը, տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք, աշակերտները, դաստիարակներն ու ծնողները Ս. Հաղորդութիւն ստացան Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ:

Վարժարանին ծնողա-ուսուցչական մարմինը նախաճաշով հիւրասիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, ծնողներն ու յարգելի հիւրերը: Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանին իրագործումներուն մասին ու նոր նուաճումներ մաղթեց ուսումնական 2016-17 տարեշրջանին համար:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022