Առաջնորդ Սրբազանը Վերամուտի Այցելութիւն մը Տուաւ Ազգ. Փիլիպոս եւ Փոստոյեան Վարժարանները


Ուսումնական 2016-17 տարեշրջանի վերամուտին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս 2016ին այցելեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. վարժարանն ու Մարի Փոստոյեան մանկամսուրը եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեց դաստիարակներուն, աշակերտներուն եւ ուսումնական պատասխանատուներու հետ, իր օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները բաշխեց յաջող ու նուաճումներով հարուստ տարեշրջանի մը համար: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Վասիլեան: Ներկայ էր Ուսումնական Մարմինի ատենապետ Տիար Վահէ Թաշճեան:

Առաջնորդ Սրբազանը՝ տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինա Դուրեանի եւ իր ընկերակիցներուն հետ առաջին հերթին այցելեց Մանկամսուր, հետեւելով մանուկները նախապատիւ նկատելու մեր Տիրոջ թելադրանքին: Անոնք դիմաւորուեցան վարիչուհիին՝ Տիկին Թագուհի Սաաթճեանի եւ ուսուցիչներու կողմէ, ապա մտերմիկ զրոյց ունեցան դեռատի մանուկներուն հետ, որոնցմէ ոմանք առաջին անգամ ըլլալով դպրոց մուտք գործած էին. ճաշի պահը ըլլալուն, աշակերտներէն մէկը իր ճաշէն բաժին հանեց Առաջնորդ Սրբազանին, իսկ ուրիշ մը անպայման փափաքեցաւ որ ան զինք տուն տանի, որովհետեւ կարօտցած էր իր մայրը. ի՜նչ հարազատ ու սրտառուչ պատկեր։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակիցները անցան վարժարան, որուն մուտքին, դիմաւորուեցան դաստիարակներու եւ 12րդ կարգի աշակերտներու կողմէ: Ստեղծուեցաւ գեղեցիկ ու միաժամանակ մտերմիկ պահ մը: Նկատի ունենալով, որ իբրեւ այս տարեշրջանի հիմնական բնաբան՝ վարժարանը որդեգրած է «Այս է մեր ուղին» նշանախօսքը, աշակերտները արտայայտուեցան ծառայասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ այլ ազնիւ արժէքներու մասին, որոնք պիտի կերտեն իրենց ուղին. անոնք նաեւ գեղարուեստական գեղեցիկ մթնոլորտ մը ընծայեցին տուտուկի ընկերակցութեամբ ասմունքով մը ի պատիւ հիւր Սրբազանին եւ ընկերակիցներուն:

Վարժարանին «Աբգարեան» շէնքի մուտքին՝ հայկական տարազներով զգեստաւորուած աշակերտներ՝ ի ձեռին աղ ու հաց, դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանը, որ կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւնը, ապա յաջորդաբար այցելեց նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգ մը դասարաններն ու գրադարանը, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ վարժարանին նորակառոյց երեք դասարաններուն: Դասարաններուն մէջ եւս, աշակերտները արտայայտութիւններ ունեցան յիշեալ նշանախօսքին հիմամբ: Առաջնորդ Սրբազանը զանոնք յորդորեց մնալու հաւատարիմ մեր հաւատքին, հայրենիքին, խօսիլ, կարդալ ու գրել հայերէն ու աչքերը յարել Արարատին:

Աշակերտները Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեցին ձեռակերտ Եռագոյն դրօշակ մը, ինչպէս նաեւ՝ յիշեալ սկզբունքը պատկերող յուշանուէր մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022