Լոյս Տեսաւ Կիլիկիա Պաշտօնաթերթի Ա. Տարուան Բացառիկ Թիւը

Ի հայրապետութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, եւ հրամանաւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, այսօր լոյս տեսաւ Ազգային Առաջնորդարանի նորահաստատ եռամսեայ երկլեզու ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի Ա. տարուան (2021) առաջին եւ բացառիկ թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի առաջնորդական միամեայ գործունէութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի իրագործած ծրագիրներուն:

Կլենտէյլի մէջ գործող Global Print Inc. տպարանէն լոյսին եկող գունաւոր ու գեղատիպ տպագրութեամբ օժտուած բացառիկ այս թիւը կը հաշուէ 136 էջ եւ կարելի մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ Առաջնորդ Սրբազանի գլխաւորութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի՝ 16 Հոկտեմբեր 2020-էն մինչեւ 15 Սեպտեմբեր 2021 ծաւալած գործունէութիւնը, ոչ միայն Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր ու ազգային կեանքին մէջ, այլեւ հայ-ամերիկեան, համասփիւռքեան եւ համահայկական մակարդակներու վրայ: Բացառիկ այս թիւով նաեւ անդրադարձ կը կատարուի՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն լոյսին տակ, Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցական կեցուածքին ու նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ 24 Ապրիլ 2021-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վսեմաշուք նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութեան:

Յայտնենք, որ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի խմբագիր նշանակեց Սեդա Գրիգորեանը, առաջին թիւի անգլերէն բաժնի խմբագրութիւնը կատարեց Մարալ Հապէշեանը, իսկ Էջադրումը եւ հրատարակութեան պատրաստութիւնը՝ Ալեքս Սրկ. Գալայճեանը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022