Ողջունահանդէս՝ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» հատորին

Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մշակութային ձեռնարկ մը, նուիրուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երախտաշատ անդամներէն հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի։

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, եւ գործակցաբար Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան հետ, Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած է հոգելոյս սրբազանին յետ մահու հրատարակուած «Հոգեմատեան» հատորին ողջունահանդէսը. հատորը կը բաղկանայ բանաստեղծութիւններէն, հոգեւոր խորհրդածութիւններէ եւ պատմական արժէքով ուսումնասիրութիւններէ։ Հատորը պիտի ներկայացնէ վաստակաւոր դաստիարակ Տիար Սարօ Նազարեան, նախատեսուած է գեղարուեստական բաժին։

Մեր գրասէր ժողովուրդը հրաւիրուած է ձեռնարկին, որուն մուտքը ազատ է։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022