Եզակի Գիրքի Իւրայատուկ Ողջունահանդէս՝ Որ Ատրպատականի Հայոց Թեմին Անցեալը Ներկայ Դարձուց Կլենտէյլի Մէջ

Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում, Հայկական Յուշարձանների հետքերով» գիրքի Ա. հատորին ողջունահանդէսը, կազմակերպութեամբ «Սարդարապատ» գրախանութին եւ հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ գործող իրանահայ հինգ Միաւորներու՝ «Ջան Թաւրիզ», «Իրանահայ Միութիւն», «Ղարատաղի ժառանգութիւն», «Ուրմիայի հայրենակցական Միութիւն» եւ «Սալմաստի ժառանգութեանց ընկերակցութիւն» միութեանց:

Ներկայ մշակութասէր հայորդիներու կողքին, ներկայ էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիլիկեան Ուխտի երէց միաբաններէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականներու եւ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Շնորհանդէսի բացման խօսքը կատարեց Տիար Էրվին Եաղուպեան, որ անդրադարձաւ սոյն ձեռնարկին իւրայատուկ նշանակութեան, յատկապէս իրանահայերու համար, որոնք իրենց ծննդավայրէն հեռու ըլլալով, թէ՛ կարօտի յագեցման, թէ՛ նորագոյն տեղեկութիւններու ստացման առումով վայելք պիտի ապրէին այս հատորին ներկայացումով:

Գիրքի ներկայացումը կատարեց ծանօթ պատմաբան Դոկտ. Կարօ Մոմճեան, որ հանգամանօրէն ու համապարփակ կերպով ներկայացուց մեծածաւալ աշխատութիւնը, որ 530 էջերու սահմաններուն մէջ կ’ամփոփէ թեմի շուրջ 238 եկեղեցիներէն 95-ին նկարագրականները։ Բանախօսը արտայայտուեցաւ հատորին իւրայատուկ նշանակութեան մասին, շեշտեց որ, ականատեսի վկայութիւն եղող աշխատութիւնը համազօր է դիւանային արձանագրութեան, կորսուելու վտանգին ենթակայ քանի մը տասնեակ կառոյցներու մասին: Ան խօսեցաւ Ատրպատականի պատմութեան տարբեր դարաշրջաններու անցուդարձերուն մասին, ապա՝ նման գիտական աշխատանք կատարող հոգեւորականներու թիւի նուազումին, եւ ի վերջոյ՝ գիրքի արժէքին, որուն պիտի հետեւին յաջորդ հատորները:

Այնուհետեւ խօսք տրուեցաւ հեղինակ Սրբազանին: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի իրանահայ հինգ միութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ կապ հանդիսացած Տիկին Պիանքա Մանուկեանին, «Սարդարապատ» գրախանութին, եւ անոր վարիչ՝ Յարութ Մկրտիչեանին, որոնք միասնաբար յաջողցուցած էին սոյն ձեռնարկը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին եւ իր միաբանակից եղբայրներուն ներկայութեան համար: Ապա, սահիկներու շարանով ներկայացուց շարք մը լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տային սոյն գործին դժուար հանգամանքները, ինչպէս՝ ճանապարհներու չգոյութ-իւն, եկեղեցիներէն շատերուն գտնուած վայրերուն վաղուց հայաթափուած եւ թուրքերով կամ քիւրտերով բնակուած ըլլալը եւ այլն։ Ան նաեւ հպանցիկ ակնարկներ կատարեց Ատրպատականի հայութեան կեանքին, ցոյց տալով անոր կենսունակութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիւսիսային շրջանին մէջ, Հայաստանի սահմանամերձ իր կարեւոր դիրքով:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը վերապահուած էր Առաջնորդ Սրբազանին։ Ան եղբայրական սիրով եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ կատարուած աշխատանքին մասին, շեշտելով այն նուիրեալ ծառայութիւնը, զոր Սրբազան Հայրը կ’իրականացնէ Ատրպատականի մէջ: Ան գնահատեց գիրքի արժէքը, շեշտելով անոր ականատեսի վկայութիւն ըլլալու փաստը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Սրբազանին:

Կատարուեցաւ գինեձօնը. հեղինակ Սրբազանին հետ բեմ հրաւիրուեցան Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը, Եփրեմ Սրբազանը, քահանայ հայրերը, տիրամայրը, Սրբազան Հօր օծման կնքահայր տէր եւ տիկին Հրայր եւ Գոհար Ճերմակեան, Դոկտ. Կարօ Մոմճեան, եւ միութեանց ներկայացուցիչները:

Աւարտին, հեղինակը մակագրեց գիրքէն օրինակներ, մինչ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ ներկայ բազմութեան մատուցուեցաւ հիւրասիրութիւն: «Ջան Թաւրիզ» եւ «Սալմաստի Ժառանգութեանց ընկերակցութիւն» Միութիւններու վարչութիւնները յատուկ յուշանուէրներով պատուեցին հիւր առաջնորդը։ Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022