Ողջունահանդէս՝ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն Բժշկութիւն» Հատորին

Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ եկեռղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» հատորի ողջունահանդէսը։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան գիրը։

Առաջնորդ Սրբազանը նշած էր, թէ Տոքթ. Վարդանը յետ Ցեղասպանութեան Լիբանանեան հիւրընկալ ափերուն վրայ ապաստան գտած ընտանիքի իբրեւ անդամ, հակառակ դժուար պայմաններու ո՛չ միայն հասակ առած եւ ազգային շունչով ոգեզինուած է, այլ իր բովանդակ կեանքի ընթացքին հայ պատուանունը մշտապէս բարձր պահած է։

Գիրքը յուշապատումի մը վերաքաղն է, որուն մէջ ընդգրկուած են հեղինակի ծնունդը, մանկութիւնը, Պէյրութի ֆրանսական բժշկական համալսարանի ուսանողական տարիները, Գանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ փորձառութիւնն ու բժշկական գործունէութիւնը…։ Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծած էր, թէ «Գիրքին մէջ կան հաղորդակցութիւն, փորձառութիւն, հայրենասիրութիւն եւ մայրենիին հանդէպ պաշտամունք»։ Ան իր խօսքը եզրափակած էր՝ օրհնելով Տոքթ. Թաշճեանի վաստակն ու նուիրեալ ծառայութիւնները եւ մաղթելով առողջ տարիներ՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022