Ժագ Ս. Յակոբեանի Գիրքերուն Ողջունահանդէսը Եղաւ Գեղարուեստական Վայելքի Պահ մը


Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն երկու հատորներուն ողջունահանդէսին առիթով, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2016ի երեկոյեան յագեցած էր հայկական արուեստի հիանալի մթնոլորտով մը: Սկսելով ողջունահանդէսի բացման վայրկեանէն մինչեւ աւարտը, մշակութասէր հանրութիւնը վայելեց հայ գիր ու երաժշտական արուեստ ցոլացնող էջեր, որոնք իբրեւ ոգեղէն «հատորիկ» մը գումարուեցան ներկայացուող երկու հատորներուն վրայ:

Ողջունահանդէսը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Վարչութեան, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան անդամներ ու ներկայացուցիչներ, ծխական շրջաններու ժողովականութեան ներկայացուցիչներ եւ գրասէրներու խումբ մը՝ Ժագ. Ս. Յակոբեան բանաստեղծին ու դաստիարակին վաստակը յարգողներ:

Երեկոն սկսաւ ժամը 7:30ին, Տէրունական Աղօթքի հաւաքական արտասանութեամբ: Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին, ողջոյնի խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ վեր առաւ նման ձեռնարկներու նշանակութիւնը, իբրեւ արտայայտութիւն՝ գրաւոր մշակոյթի հանդէպ ազգերու յանձնառութեան ու անոնցմով իսկ մշակոյթի արժեւորման: Գիրքի Տարուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն հատուած մը մէջբերելով, Տէր Հայրը շեշտեց, որ հակառակ գրաւոր արտայայտութեանց նկատմամբ աճող անտարբերութեան, գիրքը եղած է ու պիտի մնայ արժէք: Ապա, ան հրաւիրեց Տիկին Կարինէ Տէր Գէորգեանը, որպէսզի վարէ յայտագիրը:

Հանդիսավարը իր առաքելութիւնը կատարեց արժանավայել կերպով: Մէջ ընդ մէջ բանաստեղծին գործերէն ու յուշերէն մէջբերումներ կատարելով՝ ան հակիրճ եւ դիպուկ նշումներ կատարեց մեծարեալին մասին, երբ յաջորդաբար կը ներկայացնէր գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցողները: Այս բաժինը համահունչ էր Ժագ. Ս. Յակոբեանի հայաշունչ գրականութեան ոգիին եւ մեծապէս նպաստեց օրուան մթնոլորտին գոյառման: Հայկական երաժշտութեան գանձարանէն պատառիկներով՝ երգով ու երաժշտական կտորներով ներկայացան ծանօթ սոփրանօ Անահիտ Ներսիսեան (Սաթեանի «Կարօտի Երգ»ով), Սարօ Պապիկեան (Կոմիտասի «Չինար Ես»ն ու «Կաքաւիկ»ը՝ կիթառով) եւ Ալէն Տիշըքըրըքեան (դաշնակով՝ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի Պարը» եւ Մանսուրեանի «Կտոր մը Երկինք»ը):

Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ լոյս ընծայուած «Փախչիլ Չկայ, Հա՜» եւ «Ոսկեհոս Ջրվէժ» հատորներուն ներկայացումը կատարեց ծանօթ հրապարակագիր եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեան: Ան առաջին հերթին բացատրութիւն տուաւ հատորներուն ներքին բաժանումներուն եւ բովանդակութեան մասին, ապա կանգ առաւ գիրք հասկացութեան եւ անոր արժանիքներուն վրայ, նշելով, որ գիրքը հեղինակի մը ներաշխարհին, ապրումներուն եւ միտքի հորիզոններուն արտացոլացումն է եւ ընթերցողին հետ հաղորդակցութեան միջոց: Այս մօտեցումով ալ, ան Ժագ Ս. Յակոբեան գրագէտին ու բանաստեղծին գործերուն անդրադարձաւ զանազան արժանիքներուն դիտանկիւնէն, նշելով, որ անոնք հարազատօրէն կը ցոլացնեն այս բանաստեղծ-դաստիարակը, որ մեր սփիւռքեան գրականութեան մէջ տիրական ներկայութիւն է աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր, անոր էջերը կը բուրեն հայկականութիւն, Մեսրոպեան աւանդներու եւ քրիստոնէական հաւատքի հանդէպ հաւատարմութիւն եւ մարմնաւորեալ պատգամներ: Ժագ. Ս. Յակոբեանի գրական առաջին արտայայտութիւններն իսկ կը վկայեն հասուն գրիչ մը, եւ պատահական չէ, որ անոր նորագոյն հատորին աւարտին դրուած գիրքերուն ցանկը հեղինակին իսկ կողմէ կը բնորոշուին իբրեւ նոյն հոգիէն ու գրիչէն ծորող արտայայտութիւններ: Իսկ խօսելով բանաստեղծին իւրայատուկ յատկանիշներուն մասին, ան վեր առաւ անոր պարզ ու հաղորդական լեզուն, գեղեցիկ հայերէնը, ջերմութիւնն ու հաղորդականութիւնը, հայկականութեան ու հաւատքի շեշտակի գիծերը, ինչպէս նաեւ անոր սիրտէն յորդող ու էջերէն արտացոլացող սէրը, ջինջ հոգին, հայրենասիրութիւնն ու հաւատքի հաւատարմութիւնը: Գ. Պետիկեան իր խօսքը աւարտեց քաջառողջութիւն եւ գրիչի նոր արգասիքներ մաղթելով մեծարեալին:

Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը արտասանելու իր օրհնութեան խօսքը: Ան ողջունեց բանաստեղծն ու գրասէր ներկաները, ընդգծելով, որ անոնք ընտրեալներ են, որոնք վայելեցին գրական ու գեղարուեստական գեղեցիկ պահ մը, իսկ բացակաները ունեցան մեծ կորուստ: Առաջնորդ Սրբազանը մէկ առ մէկ գնահատեց յայտագիրը ներկայացնողներն ու մասնակիցները, մասնաւորաբար նշելով, որ Գ. Պետիկեանի մատուցումը եղաւ յիշատակելի եւ գերազանց: Ան կանգ առաւ այս ողջունահանդէսին շարժառիթին ու նպատակին վրայ, յիշեցնելով, որ զոյգ հատորները բանաստեղծին հետ գործակցաբար լոյս ընծայուեցան Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, անոնց էջերէն կ’արտացոլան հայութեան պահանջատիրութիւնն ու մեր արժէքներուն հանդէպ յանձնառութիւնը: Այս գիրքերը նորագոյն վկայութիւններն են բանաստեղծ, մտաւորական ու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ Ժագ Ս. Յակոբեանի բիւրեղեայ էջերուն, որոնք յիսուսահար են ու մեսրոպաշունչ, հայատրոփ են ու կը կազմեն գեղեցիկ ուլունքաշար մը: Բանաստեղծին մաքուր սիրտէն ու հոգիէն բիւրեղօրէն հոսող էջերը կերտուած են Աստուծոյ շնորհքներով, եւ իբրեւ ընծայ կը ներկայանան Աստուծոյ սեղանին: Անդրադառնալով Ժագ Ս. Յակոբեանի հետ իր անձնական կապերուն, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ առաջին ծանօթութիւնը եղած է պատանի տարիքին՝ աշակերտութեան օրերուն, երբ սորված է «Մենք» բանաստեղծութիւնը, իսկ մեր Թեմին մէջ իր պաշտօնավարութիւնը առիթ ստեղծած է նաեւ անձամբ ճանչնալու եւ գործակցելու անոր հետ, անոր մէջ տեսնելու համեստ ու պատուական հայը, Աստուծոյ ու ազգին հաւատարիմ ծառան, որ յարգանքի ու պատիւի արժանի է իբրեւ հայր, ուսուցիչ եւ բեղուն գրիչի տէր գրող: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանը լոյս ընծայած է բանաստեղծին գործերէն աւելի քան 10 հատոր եւ մաղթեց, որ անոր գրիչը մնայ բեղուն եւ առիթ ստեղծուի նոր հատորներու լոյս ընծայման: Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Ժագ. Ս. Յակոբեանի, մեր գիրին ու ժողովուրդին բազմամեայ ծառայութեան համար, ապա հրաւիրեց զինք արտասանելու սրտի խօսքը:

Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաւոր արտայայտութիւնը բերաւ հաճելի եւ բանաստեղծավայել անակնկալ մը: Ան նախ յայտարարեց, թէ չ’ընդունիր իրեն վերագրուած «ծերունազարդ» որակումը, որովհետեւ եղած է ու կը մնայ գարունազարդ: Ան գրական այս երեկոն նմանցուց հեքիաթի մը, որ վերջ կը գտնէ երկինքէն ինկող երեք խնձորներով: Ան իր հետ բերած երեք խնձորներէն մէկը նուիրեց Առաջնորդ Սրբազանին, իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն՝ հատորներուն լոյս ընծայման ու Առաջնորդարանիս հետ բարեկամութեան, երկրորդը նուիրեց գրախօսին՝ Գ. Պետիկեանին, առ ի գնահատանք գիրքերուն գեղեցիկ ներկայացման, իսկ երրորդը նուիրեց ներկայ հանդիսականներուն, մաղթելով, որ անոնք ստանան եւ վայելեն իր խնձորահամ գիրքերը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս երեկոյի կազմակերպման համար եւ իբրեւ եզրափակիչ արտայայտութիւն՝ ընթերցեց իր բանաստեղծութիւններէն՝ «Օտար Շեմին»էն հատուած մը, որ կը ցոլացնէ իր հոգեկան խռովքը այն օրուան, երբ հարկադրուած էր իր 5 տարեկան մանչուկը օտար դպրոցի մը յանձնելու…:

Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց բանաստեղծին, կազմակերպիչ յանձնախումբը ծաղկեփունջերով շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրին մասնակիցներուն, ապա երեկոն փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։ Այնուհետեւ, ներկաները մտերմիկ պահ մը բոլորեցին «գարունազարդ բանաստեղծ»ին հետ ու սրահէն մեկնեցան նուէր ստանալով երկու հատորներէն օրինակներ, վայելելէ ետք կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022