Ողջունահանդէս Ժագ Ս. Յակոբեանի «Փախչիլ Չկայ Հա՜» եւ «Ոսկեհոս Ջրվէժ» Հատորներուն


Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2016, երեկոյեան ժամը 7:30ին, տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծ եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Փախչիլ Չկայ Հա՜» եւ «Ոսկեհոս Ջրվէժ» հատորներուն ողջունահանդէսը, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը կը վայելէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած է Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբին կողմէ։

Հատորները պիտի ներկայացնէ Տիար Գէորգ Պետիկեան։

Պիտի իրագործուի գեղարուեստական յայտագիր։ Տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութուն, որուն ընթացքին բանաստեղծը պիտի մակագրէ նոր հատորներէն օրինակներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022