«Պահուած Գանձերու Երկիրը» Գրքոյկին Ողջունահանդէսը՝ Հայ Գիրքի Արժեւորման Առիթ

Եթէ գիրքի մը ողջունահանդէսը պէտք է անցնի հատորի մը սոսկական ներկայացման սահմաններէն անդին եւ լուսարձակի տակ բերէ Գիրք-արժէքը, կարելի է ըսել, որ Սարգիս Մահսէրէճեանի վերջերս լոյս ընծայած՝ «Պահուած գանձերու երկիրը» գրքոյկին ողջունահանդէսը ծառայեց այս նպատակին եւ յուշարար մը եղաւ մեր դարաւոր մշակոյթի զարգացման մէջ Հայ Գիրքի անփոխարինելի դերին ու ներկայութեան։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան գործակցութեամբ եւ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անդամներ, վաստակաշատ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան, գրողներ եւ մամուլի ծառայողներ, մշակութային միութեանց ներկայացուցիչներ, դաստիարակներ եւ գրասէրներու բազմութիւն մը։ Նշենք, որ վիպակը լոյս ընծայուած է «Հայ Գիր» մանկապատանեկան հրատարակչատան կողմէ, ձօն մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ 100-ամեակին առիթով, եւ հիմնականին մէջ ուղղուած է պատանի ընթերցողներու։

Բացման աղօթքէն ետք, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսքը արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Հրայր Ճերմակեան։ Ան կանգ առաւ այս ու նման ձեռնարկներու նպատակներուն վրայ եւ նշեց, որ այս երեկոն անուղղակի արձագանգ մըն է Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, Անթիլիասի մէջ բացուած Հայ Գիրքի փառատօնին, երբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շեշտած էր Հայ Գիրքի պահպանման, տարածման եւ հայկական կեանքին մէջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Ապա, ան հրաւիրեց յանձնախումբի երիտասարդ անդամներէն Տիար Մուշեղ Պետեւեանը, որպէսզի կատարէ հանդիսավարութիւնը։

Հանդիսավարը հակիրճ կերպով խօսեցաւ ձեռնարկին շարժառիթին եւ հեղինակին մասին ու հրաւիրեց «Ասպարէզ»ի վարչական տնօրէն Տիար Աբօ Պողիկեանը արտասանելու իր սրտի խօսքը։ Տիար Պօղիկեան, հիմնուելով Ս. Մահսէրէճեանի հետ տասնամեակներու իր անձնական ծանօթութեան ու մամուլին անոր աշխատակցութեան փորձառութեան վրայ, սեղմ ուրուագիծով մը անդրադարձաւ անոր վաստակին ու առանձնայատկութիւններուն, վեր առնելով մամուլին մէջ յարատեւ ներկայութիւնը՝ տարաբնոյթ հարցեր շօշափող յօդուածներով ու առօրեայ դէպքերու արձագանգումով։ Ան նշեց, որ այս հեղինակը իր կեանքի պէյրութեան փուլէն ի վեր ծառայած է մեր մամուլին եւ վերջին տասնամեակներուն, նաեւ մանկապատանեկան գրքոյկներով իր ներդրումը կ’ունենայ մեր գիրի տարածման ու պահպանման գործին մէջ։

«Հայ Գիր» մատենաշարին մասին հակիրճ ակնարկ մը ներկայացուց դաստիարակ Տիկին Արփի Տապպաղեան, զոր ներկայացնելու համար՝ հանդիսավարը յիշատակեց բազմաթիւ տարիներու դաստիարակի անոր հանգամանքը։ Տիկին Ա. Տապպաղեան յիշեցուց, որ այս մատենաշարը ծնունդ առած էր մօտաւորապէս 20 տարի առաջ, երկու եղբայրերու՝ Սարգիս եւ Յովիկ Մահսէրէճեանի գործակցութեամբ, ցարդ լոյս ընծայած է 17 գրքոյկ, որոնք կը ներկայանան երեք «մակարդակով», մանուկներու, կրտսեր ու երէց պատանիներու մատչելի գործերով։ Հրատարակուած գրքոյկներէն մաս մը հեղինակային են, իսկ ուրիշներ մանկավարժական մշակումներ են մեր մեծերու կարգ մը գործերուն։ Խօսելէ ետք իւրաքանչիւր խմբակի առանձնայատկութիւններուն մասին, ան յայտնեց, թէ այս շարքը կը ծառայէ մէկէ աւելի նպատակներու. հայ մանուկին ու պատանիին կը ծանօթացնէ մեր մեծերուն գործերը՝ պարզացուած ու արեւմտահայերէնով, գունագեղ հրատարակութիւնները մատչելի ու հաճելի են ընթերցողներուն համար, իսկ կարգ մը գրքոյկներու մէջ արձանագրուած վարժութիւններ պատանիները կը մղեն հայերէնով արտայայտուելու, ինչ որ մեր գաղութի մտահոգութիւններէն մէկն է։ Տիկին Ա. Տապպաղեան անդրադարձաւ նաեւ Ս. Մահսէրէճեանի աշխատանքի մէկ այլ կալուածին, յիշեցնելով, որ ան պատրաստած է մանուկներու եւ պատանիներու համար թատերական աւելի քան 25 գործեր, որոնք կ’օգտագործուին հայկական վարժարաններու մէջ, մաղթելով, որ «Հայ Գիր»ը առիթը ունենայ լոյս ընծայելու նաեւ այդ գործերը, որոնք հայրենասիրական ու մարդկային զգացումներու աղբիւր են եւ հաճոյքով կ’ընկալուին աշակերտներուն կողմէ, անոնց կ’ընծայեն հայերէնով արտայայտուելու առիթ։

Վիպակին ներկայացումը կատարեց նմանապէս դաստիարակ Տիկին Արփի Ճիէրեան, որ Լիբանանէն մինչեւ մեր ափերը եղած է ու կը մնայ դաստիարակ ու մշակոյթի գործիչ։ Տիկին Ա. Ճիէրեան նախ հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ հատորին ընդհանուր պատկերին մասին, նշելով, որ 83 էջերու վրայ երկարող եւ պատանի հերոսին օրագրութեանց ճամբով յղացուած վիպակը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան աւանդներու ժառանգորդներուն, իսկ հատորի վերջին էջին կայ «Հայ Գիր»ի հրատարակութիւններուն ցանկը։ Ապա, ան խօսեցաւ բովանդակութեան մասին, որ հիմնուած է պատանի հերոսի մը եւ ընտանիքին արկածներով լեցուն ճամբորդութեան վրայ, կը սկսի՝ երբ հերոսը պատահմամբ կը գտնէ նախնիներէն մնացած Հայաստանի մէկ քարտէսը, որուն վրայ ֆետայի մեծ-մեծ հայրիկ մը նշած է պահուած գանձերու վայրերը։ Ճամբորդութիւնը կ’անցնի ներկայի Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն ու կը հասնի Վան՝ Աղթամար կղզին։ Իւրաքանչիւր նշուած վայրի մէջ, գանձ որոնողները կը գտնեն իրենց ակնկալածէն տարբեր ժառանգութիւններ՝ զէնք, գիրք, մանր գոհարեղէններ եւ այլն, իսկ վերջին հանգրուանին՝ ամբողջական Հայաստանի քարտէսը, որ իբրեւ իրագործելի ժառանգութիւն կը հասնի հերոսին ու անոր սերնդակիցներուն։ Իր խօսքին երկրորդ բաժինով, Տիկին Ա. Ճիէրեան կանգ առաւ հատորին ու հեղինակին կարգ մը յատկանիշներուն վրայ նշելով, որ պատմութիւնը հաճելի է ու ներգրաւող, ընթերցողին կը հաղորդէ մեր պատմութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ այլ արժէքներուն մասին լայն գտելիքներ ու կրնայ օգտագործուիլ ոչ միայն իբրեւ դասագիրքի կողքին յաւելեալ ընթերցումի գիրք, այլ նաեւ իբրեւ «օգնական» դասագիրք։

Գեղարուեստական բաժինը ներկայացուցին «Էլեմէնթ» խումբի անդամներէն՝ Ալին Արուստամեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ վահան Բզնունիի։ Երկու երիտասարդ երաժիշտները իւրայատուկ եւ արդիական մեկնաբանութեամբ մատուցեցին աշուղական ու ժողովրդային երգերու գեղեցիկ փունջ մը։

Շնորհակալութեան եւ սրտի խօսք արտասանեց հեղինակը։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, կազմակերպիչ յանձնախումբին ու «Ասպարէզ»ին, յայտագիրը մարմնաւորող բանախօսներուն, արուեստագէտներուն, ներկաներուն, «Հայ Գիր» մատենաշարի իրականացման մէջ իր լծակիցին՝ Յովիկ Մահսէրէճեանին, տակաւին՝ կամքէ անկախ պատճառներով բացակայողներուն, յատկապէս «Էլեմէնթ»ի ղեկավար Արա Տապանճեանի, որ դասաւորած էր գեղարուեստական բաժինը։ Ան ընդգծեց, որ այս երեկոն կը դիտէ սոսկական ողջունահանդէսի մը շրջագիծէն անդին, իբրեւ արտայայտութիւն Հայ Գիրքի ու գրաւոր մշակոյթի հանդէպ սիրոյ ու յանձնառութեան արտայայտութիւն, գոհունակութիւն յայտնեց, որ Անթիլիասի մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած՝ Հայ Գիրքի 39-րդ փառատօնը մեր գաղութին մէջ ալ արձագանգներ ունի դպրոցներու մէջ կազմակերպուած գիրքի ցուցահանդէսներով ու մշակութային հանդէսներով, իսկ խօսելով գիրք-արժէքին հանդէպ իր սիրոյն ու կապուածութեան մասին, երախտագիտութեան արտայայտութիւն ունեցաւ այս գիծը իր մէջ կազմաւորողներուն նկատմամբ։ Հեղինակը այս առիթով կարեւորութեամբ շեշտեց ընթերցումի աւանդութիւնը վերականգնելու եւ մանուկին ու պատանիին կեանքին մէջ գիրքն ու անոր բազմօգուտ բովանդակութիւնը ներկայութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, նշելով, որ երէց սերունդի անդամները՝ ծնողք, ուսուցիչ եւ այլք, պէտք է իրազեկ ըլլան այն տեսութեան, որ դեռատի անձին բան մը սորվեցնելէ աւելի՝ պէտք է անոր օգնել, որ ի՛նք սորվի ու իւրացնէ գիտելիքն ու մշակութային ժառանգութիւնները, նաեւ՝ անոր մէջ զարգանայ մշակոյթի տիրութիւն ընելու պատասխանատուութիւնը, նաեւ՝ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը պէտք չէ զրկուին մեր դարաւոր ժառանգութիւններէն։

Առաջնորդ Սրբազանը երեկոն եզրափակեց գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով։ Ան մէջբերում մը կատարեց Ս. Սարգիս Զօրավարին նուիրուած շարականին բառերէն, բնութագրելու համար հեղինակին կարգ մը յատկանիշները, անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ անոր ծառայութիւններուն եւ յանձնառու ընթացքին, մեր գրաւոր մշակոյթին եւ ընդհանրապէս մամուլին բերած մասնակցութեան, մաղթելով, որ ան իր առաքելութիւնը շարունակէ կենսունակութեամբ եւ աննահանջ կերպով։

Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»էն ետք, ներկաները երգեցին «Կիլիկիա»ն, ապա վայելեցին Ազգ. Առաջնորդարան հիւրասիրութիւնը եւ ունեցան հատորէն օրինակներ, զորս մակագրեց հեղինակը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022