Ողջունահանդէս՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի «Essays on Biblical Concepts and Social Issues» Հատորին

Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ողջունահանդէսը Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի վերջերս լոյս տեսած՝ «Essays on Biblical Concepts and Social Issues» հատորին, որ կը բովանդակէ աստուածաշնչական եւ ընկերային հարցեր քննարկող ու մեկնաբանող նիւթեր։

Երեկոն կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ներկայ էին Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, նախկին հոգեւոր հովիւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան, Ազգ. Երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամներ, «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, ՀՕՄ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամուհիներ, հիւրեր եւ մշակութասէր բազմութիւն մը։

Հանդիսավարն էր Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեան, որ իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ կենսագրականով մը ներկայացուց հեղինակ Հայր Սուրբը։

Գիրքը ներկայացուեցաւ անգլերէն լեզուով։ Արժ. Տէր Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան ներկայացուց հատորին կրօնական նիւթեր շօշափող բաժինը, իսկ Ազգ. Երեսփոխան եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձու Տիար Պերճ Պապիկեան խօսեցաւ ընկերային եւ բարոյական նիւթերուն մասին։

Տէր Մովսէս նշեց, որ գիրքը ունի ընդամէնը 23 գլուխ, որուն կրօնական բաժինը կ’արծարծէ քրիստոնէական սկզբունքներով առաջնորդուելու պահանջը, երբ մանաւանդ կ’ապրինք արագ զարգացող յարափոփոխ կեանք մը, պէտք է սպառազինուինք Աստուածաշնչական գիտելիքներով եւ իմաստութեամբ, կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ զանոնք հաւատքով յաղթահարելու համար։

Տիար Պերճ Պապիկեան անդրադարձաւ այն ընկերային ու բարոյական հարցերուն, որոնցմով կը տագնապի ժամանակակից մարդկութիւնը եւ որոնց մէկ բաժինին նկատմամբ տակաւին յստակ կեցուածք չէ ճշդած եկեղեցին։ Աստուածաշնչական մէջբերումներով յագեցած Պապիկեանի խօսքը համառօտ պատկերացում մը կու տար այն հարցերուն մասին, ուր քրիստոնեայ ընտանիքը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ։

Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներէն Թալիա Աւետիսեան եւ Էվիքա Մելքոնեան, որ զուգերգեցին «Տուն իմ Հայրենի»ն, Ալիք Արթինեան, որ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը, եւ Լիլի Գրիգորեան, որ ներկայացուց մենապար մը, իսկ Տաճարի դպրաց դասի անդամ-անդամուհիները հանդէս եկան հոգեւոր երգերով եւ շարականներով, խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Նորայր Սրկ. Դերձակեանի։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայր Միւռոն, որպէսզի արտասանէ իր սրտի խօսքը։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ ազնիւ մեկենասին՝ Տիար Ժիրայր Քիլէճեանի. ան ըսաւ թէ «այս գիրքը արդիւնք է երկար տարիներու ուսումնասիրութեանց, համալսարանի նիւթերու հաւաքածոյ մըն է եւ ունի այժմէական նշանակութիւն»։ Մանրամասնելով, ան յայտնեց, թէ բովանդակութիւնը բարոյական, ընկերային, աստուածաբանական, եկեղեցական նիւթերու փունջ մըն է։

Հայր Սուրբի խօսքէն վերջ բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, գնահատեց Հայր Միւռոնի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ յայտագիրին բոլոր մասնակիցները։ Սրբազանը ըսաւ. «Սիրելի ներկաներ, ահաւասիկ ձեր տրամադրութեան կը յանձնուի այս գիրքը, զոր պէտք է կարդալ իբրեւ մարտահրաւէր, որովհետեւ հոն պիտի գտնէք շատ հարցերու պատասխանները, որմէ ետք դարձեալ պէտք է հաւաքուինք միատեղ եւ կլոր սեղանի շուրջ այս նիւթերը քննենք եւ արծարծենք»։ Սրբազանը աւելցուց, թէ «մենք այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի պէտք ունինք վերանորոգման, եկեղեցին ու ժողովուրդը պէտք ունին ինքնանորոգման, վերանորոգ հաւատքի, նոր ուժի, կորովի եւ եռանդի«։

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022