Թելեթոնի Նախօրեակին՝ Արցախի Նախագահը, Առաջնորդը եւ ՀՀՀ-ի Ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնի նախօրեակին, Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2018-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանը ժամադրավայր եղաւ մեր Թեմին ու հայրենի հիւրերու միջեւ հանդիպումի մը, որուն կիզակէտը Արցախն ու անոր օժանդակութեան ծրագիրներն էին։

Արդարեւ, թելեթոնին առիթով Լոս Անճելըս իրենց այցելութեան ծիրին մէջ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը, այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, հոգեւորականաց դասու եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Արցախի նախագահին ու թեմակալ Առաջնորդին կ’ընկերանային նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Տիար Դաւիթ Պապայեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տիար Հայկակ Արշամեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէրթ Աւետիսեան եւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան։

Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան, Տեարք Մարք Սարեան եւ Գեւիկ Պաղտասարեան, որոնք մասնակցութիւն կը բերեն հայրենաշէն աշխատանքներու։

Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Պարգեւ Սրբազանին եւ նախագահ Սահակեանի եւ ընկերակիցներուն ներկայութիւնը Ազգի Տան մէջ, վերահաստատեց մեր Թեմին ու ընդհանրապէս հայութեան զօրակցութիւնը՝ Արցախին ու անոր վերականգնումի աշխատանքներուն, որոնք հետեւողականօրէն նոր թափ կը ստանան ու պէտք է շարունակուին թափանցիկութեան մթնոլորտի մէջ։

Արցախի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, որ տարիներու աւանդութիւն է արդէն, հաստատեց, որ Արցախի պաշտպանութեան ու կառուցման երթը կը շարունակուի քայլ առ քայլ, դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքով. Արցախի ժողովուրդը իր կողքին կը զգայ հայութեան հաւատարմութիւնն ու օժանդակելու պատրաստակամութիւնը, իսկ անցեալ տարիներու իրագործումները հիմք կը ծառայեն յառաջիկայ երթին։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը ունի նոր եւ ձեռներէց պատասխանատու մը, որուն հետ կը մշակեն նոր ծրագիրներ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «հոգեհարազատ Թեմ»ին՝ հետեւողական զօրակցութեան համար։

Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց նաեւ Պարգեւ Սրբազանը՝ ջերմ ընդունելութեան համար։

Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան կազմին անունով բարի գալուստ մաղթեց յարգելի հիւրերուն, ու բաղձանք յայտնեց, որ յառաջիկային, թելեթոնները ծառայեն նաեւ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն աջակցութիւն տրամադրելու, օժանդակութեան ապահովումը շարունակուի նաեւ թելեթոններու հանգրուանէն անդին։ Նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ Արցախի պետութեան ու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին համար, պաշտպանութեան դաշտը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին, բանակայինները յատուկ հոգածութեան կ’արժանանան, աշխատանք կը տարուի, որ աջակցութեան ապահովումը շարունակուի նաեւ հանգանակային այս տարեկան նախաձեռնութենէն ետք եւս։ Ան շեշտեց, որ օժանդակութիւնները միայն դրամական գումարներով չեն դատուիր, եւ այս առիթով, բարձր գնահատեց բժշկական ու այլ աշխատանքային խմբակներու Արցախ այցելութիւնները, որոնք մեծապէս բարեփոխած են ժողովուրդին կեանքը։ Ան յիշեցուց, որ 2013-ին կը խօսուէր Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու ծրագիրին մասին, այսօր անիկա իրականացած է եւ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի կարեւորութիւն ունի Արցախի համար, մանաւանդ որ կը կանգնինք թշնամիի մը դէմ, որուն արագ հակահարուած տալու պատրաստ պէտք է ըլլալ։

Տեղի ունեցաւ կարճատեւ զրոյց՝ Արցախի ծրագիրներուն եւ կարիքներուն մասին։

ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանն ու յարգելի հիւրերը իրենց ընկերակիցներուն հետ անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրընկալում։

Հոգեւոր հայրերը կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը բարեմաղթութիւններ կատարեց Արցախի բարօրութեան ու առաջնորդներուն յաջողութեան ի խնդիր։ Բարի մաղթանքներ արտայայտեցին նաեւ Առաջնորդական փոխանորդը, Ազգ. Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ ու բարերարներ։ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի վարիչ տնօրէնն ու Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին, ընդգծելով, որ թելեթոնը հայրենիքին նպաստելու կարեւոր միջոց մըն է։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս ողջունեց հայրենի հիւրերուն ներկայութիւնը եւ հաստատեց մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն զօրակցութիւնը՝ թելեթոնին։ Ան հրաւիրեց նախագահ Բ. Սահակեանը՝ արտասանելու իր խօսքը։

Արցախի հանրապետութեան նախագահը կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ հարկադրաբար հայրենիքէն դուրս ապրող հայութիւնը կը զգայ հայրենիքին հետ, յարատեւօրէն կը զօրակցի հայրենաշինութեան։ Ան շեշտեց, որ անցեալին ունեցած ենք կորուստներ, մեզմէ պարտադրաբար հող խլած են, սակայն վճռած ենք որ անցեալի սխալները չկրկնուին, ոչ միայն պիտի պահպանենք մեր հողերը, այլ նաեւ ազատագրենք ինչ որ հայկական է։ Ան շեշտեց, որ «մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք, երբեւիցէ չենք ուզած տիրանալ ուրիշին ստեղծածին, սակայն նախանձախնդիր ենք, որ ուրիշը չտիրանայ մեր ստեղծածին»։ Ան նշեց, որ հայրենիքի ծառայութիւնը երջանկութիւն կը պարգեւէ իւրաքանչիւր հայորդիի, հայրենիք այցելողները ուղղակի հաղորդակից կ’ըլլան անոր հողին ու բոյրին, գոհունակութիւն յայտնեց, որ Կիլիկեան Աթոռը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մուշեղ Սրբազանին եւ այլ առաջնորդներու գլխաւորութեամբ, զօրակից են հայրենանպաստ աշխատանքներուն։ Ան եզրափակեց շնորհակալութեան խօսքով։

Պարգեւ Սրբազանը առաջնորդեց փակման աղօթքը, ապա, ներկաները ունեցան յիշատակի լուսանկար մը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022