Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ անոր հովանիին տակ կազմուած է Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը (ՀՎՄ):
Մեկնելով այն հասարակաց մտահոգութենէն, որ մեր Մայրենին նոր սերունդներու կեանքին մէջ չի գրաւեր անհրաժեշտ տեղն ու չի ներգրաւեր զանոնք, Մարմինի աշխատանքները սկզբնապէս ունեցան ծրագրային բնոյթ, նպատակ ունենալով քաջալերել հայախօսութիւնը։ Այդ եւ ապագայ աշխատանքներու ամփոփ պատկերը հետեւեալն է։
Առաջին փուլին, Մարմինիս գործունէութիւնը կեդրոնացաւ լեզուի նահանջի պատճառներուն ուսումնասիրութեան վրայ։ Քննարկուեցան լեզուի կենսունակութեան առնչութեամբ միջազգային փորձն ու մեր շրջանի բազմաբնոյթ սփիւռքին առանձնայատկութիւնները։ Ասոնց հիման վրայ, ու մասնագէտներու օգնութեամբ, կատարուեցան ախտաճանաչումներ։
Մարմինս կը հաւատայ, որ հայերէնը է՛ ու կրնայ մնալ կենսունակ լեզու մը։
ՀՎՄ խտրութիւն չի դներ հայերէնի երկու գլխաւոր ճիւղերուն եւ բարբառային այլ ձեւերու միջեւ, գիտնալով, թէ անոնց բոլորին ալ դրական գործածութիւնը նախապայման է լեզուի գոյատեւումին։ Հետեւաբար, իբրեւ առաքելութիւն, Մարմինս յանձն առաւ քաջալերողի աշխատանք տանիլ, որպէսզի լեզուի գոյատեւումը, մաղթանքէ աւելի, դառնայ առօրեայ հիմնական մտահոգութիւն՝ կազմակերպութիւններու թէ անհատներու համար։ Մարմինիս ճիգերը պիտի ուղղուին յիշեալ մտահոգութիւնը վերածելու մղիչ ուժի՝ շօշափելի ծրագիրներու համար, որոնք մեկնին չափելի տուեալներէ եւ ունենան վիճակագրականօրէն կշռելի արդիւնաւորութիւն։
Ընդարձակ քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կազմուեցաւ մասնագիտական համապարփակ ծրագիր մը, որ ունի գործի բազմաճիւղ մարզեր եւ կարճ ու երկար ժամկէտներով թիրախներ. անոնց իրականացման համար անհրաժեշտ է, որ գաղութի բոլոր ձեռքերը միանան, որովհետեւ լուծումները չեն կրնար մասնակի կամ որոշ սահմաններու մէջ պարփակուող բնոյթ ունենալ։ Բնականաբար, կարեւոր տեղ կը գրաւէ արդի արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումը։
Յաջորդ փուլերուն, Մարմինս պիտի ձեռնարկէ, մշակուած նախագիծին առաջադրանքներուն իրականացման համար, անհրաժեշտ միջոցներու գոյացման։ Գործնական քայլերը սկսելու համար, ՀՎՄ պիտի դիմէ, եւ գործնական կապ պիտի հաստատէ բոլոր անոնց հետ, որոնք նախանձախնդիր են ամրապնդելու մայրենին՝ իբրեւ ապրող լեզու, եւ ո՛չ միայն իբրեւ լոկ սրբազան խորհրդանիշ։ Պիտի դիմենք ուսումնարաններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններուն։ Առաջադրանքներուն մաս կը կազմեն անհրաժեշտ անձնակազմի պատրաստութիւնն ու աշխատանքի կոչումը, ինչպէս նաեւ նիւթական միջոցներու ստեղծումը: Զուգահեռաբար, կը շարունակուին գիտական ուսումնասիրութիւնները, իբրեւ յենարան՝ առաջադրուած գործնական քայլերուն, բայց նաեւ արժեւորելու համար կատարուելիք աշխատանքներու արդիւնքները։
Մարմինիս յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին մեր հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի յառաջիկայ հանգրուաններուն:
ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆ