Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնի Նախօրեակին՝ Արցախի Առաջնորդն ու Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնի նախօրեակին, Արցախի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը՝ յանձինս Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզի հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանի եւ ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէրթ Աւետիսեանի, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տիկին Մարիա Մեհրանեանի ու գործադիր տնօրէն Տիար Կրէկ Պոյրազեանի այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեանն եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ Տեարք Վահէ Կարապետեան եւ Գեւիկ Պաղտասարեան։

Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Արցախի պատուիրակութիւնն ու ներկաները եւ անգամ մը եւս վերահաստատեց մեր Թեմին զօրակցութիւնը՝ Արցախին ու անոր վերականգնումի աշխատանքներուն։ Խօսելով հայրենիքի մասին, ան նշեց, որ Հայաստանն ու Արցախը «անուշ» են եւ ամերիկահայութիւնը լիաբուռն ու միակամ պատրաստակա՛մ է աջակցելու այս տարուան թելեթոնին եւ իր բոլորանուէր նպաստը բերելու հայրենաշինութեան սրբազան գործին մէջ։

Ազգային Վարչութեան ատենապետը իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայրենիքը մեզի համար «սրբութիւն է» եւ որպէս Ազգային Վարչութիւն ու Առաջնորդարան պիտի շարունակեն իրենց համագործակցութիւնը ի խնդիր հայրենիքի բարգաւաճման։

Տիկին Աղապալեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ընդգծելով, թէ թելեթոնը այն առաքելութիւնն է, որ կը միաւորէ մեզ բոլորս՝ թէ՛ ազգային գաղափարներու շուրջ եւ թէ մեր ներդրումը բերելու հայրենակերտման սրբազան գործին մէջ։ Տիկին նախարարը նոյնպէս նշեց, որ այսօր Արցախը կը ծաղկի շնորհիւ իր հայորդիներու գործօն մասնակցութեան ու նիւթաբարոյական աջակցութեան։

Պարգեւ Սրբազան իր սրտի խօսքին մէջ մատնանշեց, որ այսօր Արցախը անկա՛խ է, իսկ նոր սերունդը ծնունդ եւ հասակ կ՛առնէ անկախ հողերու վրայ։ «Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը վառ ապացոյց մըն էր, որ տակաւին իրենց քսան տարիքը չբոլորած երիտասարդներ մինչեւ իրենց վերջին շունչը չյանձնուեցան ու պայքարեցան՝ իրենց հայրենիքը պաշտպանելով թշնամիի յարձակումներուն դէմ»։ Մասնաւորաբար կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ պատերազմական վիճակի մէջ եղող երկիրը արդիւնաւոր ընթացքի մէջ է, իսկ բոլոր դժուարութիւնները հանգրուան առ հանգրուան միասնաբար կը յաղթահարուին։

Տիկնանց Միութեան ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի քաջարի զինուորներուն, որոնք ոգի բռին կը պաշտպանեն իրենց հայրենիքի հնամենի հողերը։

Ապա, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի նախագահ Տիկին Մարիա Մեհրանեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Թելեթոնի աշխատանքի համապատկերը եւ կիրարկուող արհեստագիտական նորութիւնները։

Պաշտօնական այցի աւարտին, Տիկին Աղապալեանը Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց Արցախի վանքերը բովանդակող պատկերազարդ քարտէսագիրք մը, ինչպէս նաեւ գեղեցկահիւս գորգ մը։ Իսկ Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին յուշանուէրներ փոխանցեց յարգելի հիւրերուն։

Այնուհետեւ, ճաշի մտերմիկ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ պատուարժան հիւրերուն։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, Պարգեւ Սրբազանը եւ պատուոյ հիւրերը բարեմաղթանքներ կատարեցին, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը Արցախի բարօրութեան ու առաջնորդներուն յաջողութեան ի խնդիր լաւագոյն զգացումներ արտայայտեց։ Իրենց կարգին բարի մաղթանքի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Առաջնորդական փոխանորդը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու անդամները եւ բարերարները։

Նշենք, որ նախքան Ազգային Առաջնորդարան այցելութիւնը, Արցախի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան եւ դիմաւորուեցան Տնօրէնութեան ու աշակերտութեան կողմէ։ Անոնք առիթ ունեցան այցելելու դասարանները եւ ծանօթանալու վարժարանէն ներս տարուող աշխատանքներուն։ Ապա, աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան մասնակցեցաւ այցելութեան։

Իսկ երեկոյեան, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնէն ներս ի պատիւ Արցախի պատուիրակութեան։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ընդունելութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022