«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնին մասնակից ըլլալու համար Լոս Անճելըս իրենց այցելութեան առիթով, Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ իրենց ընկերացող պատուիրակութիւնը Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2015ի կէսօրուան մօտ այցելութիւն մը տուին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան անդամներու կողմէ: Արցախի Առաջնորդին եւ վարչապետին կ’ընկերանային Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի փոխ հիւպատոս Վալերի Մկրտումեան, Հ.Հ.Հ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախագահ Անդրանիկ Պաղտասարեան եւ գործադիր տնօրէն Սարգիս Գոթանճեան, իսկ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան, Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Ռումանիոյ Ծերակոյտի անդամ եւ հայ համայնքի նախագահ Տիար Վարուժան Ոսկանեան, որ առաւօտուն Ազգային Առաջնորդարան այցելութեան եկած էր եւ հիւրընկալուած՝ Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Վարչութեան անդամներու կողմէ:
Հանդիպումը սկսաւ ողջոյնի խօսքերու փոխանակումով, ապա շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով:
Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց Արցախի հոգեւոր ու պետական առաջնորդներու Ազգ. Առաջնորդարան այցելութեան առիթով, յիշեցնելով, որ վարչապետ Յարութիւնեան վերջին հինգ տարիներուն երկրորդ անգամ ըլլալով կը գտնուի մեր յարկին տակ, իսկ Պարգեւ Սրբազանի ներկայութիւնը վայելած ենք աւելի յաճախ: Ան նշեց, որ օր մը առաջ, Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ ընդունելութեան մը պահուն, Տիար Վարչապետը ունեցած է անկեղծ ու հաղորդական արտայայտութիւն, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց եւ վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանիս ու շրջանի հայութեան զօրակցութիւնը՝ Արցախին ու անոր քաջարի ժողովուրդին:
Հիւր վարչապետը ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Արցախի կտրած հանգրուաններուն ու Շուշիի պատմական դերին մասին, յիշեցնելով, որ քաղաքը դարերէ ի վեր եղած է հայկական մշակոյթի կարեւոր կեդրոն, ներկայիս, պատերազմական շրջանէն ետք ու մասնաւորաբար 2009էն ասդին, թեւակոխած է համեմատաբար աւելի արագ զարգացումի շրջան մը: «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամն ու անոր ճամբով մեր ամբողջ ժողովուրդը սերտօրէն կապուած են ու մասնակից՝ Արցախի վերականգնումի աշխատանքներուն: Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ այս տարուան թելեթոնին գլխաւոր նպատակին մասին, նշելով որ որոշուած է առաջին հերթին բնակարան տրամադրել հինգ եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ պատերազմական վիճակի հետեւանքով վնասներ կրածներու: Այս ծրագիրը ունի զիրար ամբողջացնող քանի մը նպատակ. լուծում բերել ընկերային հարցերու, արցախցին արմատաւորել իր հողին վրայ, զօրավիգ ըլլալ բանակին, իսկ փոխադարձաբար, բնակիչները կ’ուզեն նոր զաւակներու ծնունդ տալ, որպէսզի զանոնք ընծայեն բանակին: Այս ու նման ծրագիրներ ի մտի ունին ոչ միայն Արցախի այսօրը, այլ նաեւ ապագան, որպէսզի շրջանին մէջ բնակչութեան աճ արձանագրուի, բանակը ունենայ հզօր յենարան, տնտեսական-ընկերային վիճակը բարելաւուի: Վերջապէս, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Առաջնորդարանի ընտանիքին, հիւրընկալութեան համար, նաեւ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, անոր զօրակցութեան ու տրամադրած նպաստին համար: Վարչապետը յիշեցուց, որ Արցախի մէջ կայ «Կիլիկա» թաղամասը, որ կանգնած է Կաթողիկոսարանին ու անոր Թեմերուն տրամադրած օժանդակութեան շնորհիւ:
Արտասանուեցան ողջոյնի այլ խօսքեր: Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Պապիկեան, որ ըսաւ թէ կը խոնարհի Արցախի մէջ տարուած աշխատանքին առջեւ, գոհունակութիւն յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը առիթ ունի մասնակից ըլլալու այդ ազգաշէն գործին եւ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախին:
Տիար Եագուպեան եւս գոհունակութիւն արտայայտեց Արցախի մէջ տարուած աշխատանքին համար, նշելով, որ Արցախ այցելողներ ականատես կ’ըլլան տարուէ տարի արձանագրուած բարելաւումներուն: Ան գոհունակութիւն յայտնեց մանաւանդ անոր համար, որ խոստացուած ծրագիրները շուտով գործադրութեան ճամբու մէջ կը մտնեն:
Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան եւս ձայնակցեցաւ Արցախին մեր ժողովուրդի զօրակցութեան կեցուաքներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց Արցախի պետութեան ու ժողովուրդի վերականգնումի երթին:
Մտերմիկ զրոյցի պահուն, ու գոհացում տալով ներկաներու հետաքրքրութիւններուն, վարչապետը որոշ տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի շուրջ 250 գիւղերու բնակչութեան կարիքներուն մասին, նշելով, որ անմիջականօրէն, օժանդակութիւններ պիտի տրամադրուին աւելի քան 200 ընտանիքներու, իսկ յառաջիկայ տարիներուն, այլ ընտանիքներու եւս նպաստ պիտի տրամադրուի: Ան նաեւ մանրամասնութիւններ հաղորդեց պատերազմի զոհերուն, թոշակաւորներու եւ մնայուն օժանդակութեան կարօտող բնակիչներու թիւերուն մասին:
Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց Արցախի Առաջնորդին, վարչապետին ու անոնց ընկերակիցներուն: