«Անկախութեան Տարուան» Հայրապետական Կոնդակի Ընթերցում Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 21 Յունուար 2018-ին, տնօրինումով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս Ս. Պատարագի ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Անկախութեան Տարուան» հայրապետական սրբատառ Կոնդակը։

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ, շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ եւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներ ու ուսուցիչներ:

«Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ, Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ Կոնդակը բերուեցաւ Ս. Խորան։ Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց հայրապետական պատգամը, որ 2018 տարին կը հռչակէ «Անկախութեան Տարի»:

Վեհափառ Հայրապետը կը նշէ, որ 28 Մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան լուսաւոր էջերէն մէկն է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը, հաւատքով թրծուած եւ վճռակամութեամբ զինուած, վերահաստատեց ինքնուրոյն պետականութեամբ իր հայրենի հողին վրայ ազատօրէն ապրելու հաւաքական կամքը։

Նորին Սրբութիւնը մասնաւորաբար կը շեշտէ, որ «Անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու զայն կերտողը ու պաշտպանողը ժողովո՛ւրդն է։ Հետեւաբար, Հայաստանի անկախութիւնը գաղափարական ու քաղաքական մօտեցումներէ ու տարբերութիւններէ վեր պէտք է մնայ։ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ու համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն մէջ ստեղծուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը համահայկական նշանակութիւն ունի։ Այս ենթահողին վրայ հարկ է արժեւորել ու նշել 100-ամեակը պատմական դէպքին»։

Սրբատառ Կոնդակի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէր հայ ժողովուրդը շեշտելով. «Հետեւաբար, զգո՛յշ, ժողովուրդ հայոց, ճի՛շդ կարդանք «ժամանակի նշանները». չհեռանանք հայրենի հողէն, հաւատարիմ մնանք հայրենիքի անկախութիւնը իրենց արիւնով կերտած մեր հին թէ նոր հերոսներու սրբազան կտակին. հզօրացնենք Հայաստանը իր բանակով, տնտեսութեամբ ու միջազգային դիւանագիտական կապերով։ Հայաստանի ու Արցախի պետականութեան ամրացումը ու անկախութեան ամրապնդումը հիմքն են մեր ազգային պահանջատիրութեան ու երաշխիքը՝ մեր ազգի պայծառ ապագային»։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ կանգ առաւ հայրապետական պատգամէն բխած հիմնական յորդորներուն վրայ, անդրադարձաւ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեամբ շահուած անկախութեան եւ յաջորդ սերունդներուն իբրեւ աւանդ հասած անժամանցելի արժէքներուն եւ հաւատացեալները յորդորեց վերապրեցնել անկախութիւն կերտողներու անձնուրաց ոգին եւ վերակենդանացնել նահատակներուն կտակը։

Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու հաւատացեալները անցան «Յարութ Պարսամեան» հայ կեդրոնի «Ղուկասեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հիւրասիրութիւն մը՝ Տիկնանց Միութեան հիւրընկալութեամբ։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022