Ուրբաթ, 29 Յունիս 2018-ին, Լոս Անճելըսի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանի ու անոր պատուիրակութեան։
Ընդունելութեան ներկայ էին հոգեւոր ու համայնքային ղեկավարներ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան ու փոխանցեց իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորանքները։