Գնահատանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի


Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2014ին, Լոս Անճելըսի մեր համայնքը համախմբուած էր Beverly Hillsի “Montage” պանդոկին մէջ պատուելու եւ բարի երթ մաղթելու Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ Դեսպան մեծարգոյ Տիար Թաթուլ Մարգարեանին։

Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան կատարեց բացման աղօթքը ու փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Ներկայ էին գաղութի կազմակերպութեանց պատասխանատու անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի անդամուհիներ եւ ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի գերազանց օրինակելի ղեկավարութեան մասին եւ դրուատեց անոր պատուաբեր ներկայացուցչութիւնը մեր Հայրենիքին իր մօտաւորապէս տասնամեակի մը պաշտօնավարութեան ընթացքին։ Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրումով, խոնարհութեամբ, բարի կամքով ու գործակցութեան ոգիով իր ծառայութիւններուն համար եւ Պրն. Դեսպանին ու անոր ընտանիքին մաղթեց առողջութիւն եւ առաւել յաջողութիւն իր ապագայ ծառայական մարզերէն ներս։ Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը աղօթեց առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի պահպանուին ու մնայուն խաղաղութեան մէջ մնան մեր Հայրենիքն ու Հայ ազգը, նաեւ առաջնորդէ մեր ղեկավարները, որպէսզի նուիրումով եւ անձնուէր ծառայութեամբ սատարեն մեր ազգի բարօրութեան եւ բարգաւաճման։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022