Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ին, հիւրընկալութեամբ Հայաստանի Հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին, Հայաստանի Հիւպատոսարանէն ներս ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Հայաստանի Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան նախարար՝ Տիար Յակոբ Արշակեանին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն ընդունելութեան եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Ներկայ էին համայնքի կազմակերպութեանց եւ Կլենտէյլի քաղաքապետութենէն ներկայացուցիչներ։