Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2019-ին, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսայի, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Միռնա Խաուլիի Պեւըրլի Հիլզի իր բնակարանին մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան ընդունելութեան։