Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, համայն հայութեան հետ, այս տարի եւս, յարգելով տասնամեակներու բարի աւանդութիւնը, 6 Յունուարին, հայկական Ս. Ծնունդը տօնեց Ս. Պատարագով եւ ջրօրհնէքի արարողութեամբ, իսկ երեկոյեան, բազմահարիւր ազգայիններ, ընդառաջելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրին, համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի “Բաղրամեան” սրահը, ուր կրօնաբոյր ու ազգաշունչ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր “Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան” աւանդական ընթրիքը:
Առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աւարտին, կատարեց ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը: Բազմահազար հաւատացեալներ ներկայ եղան արարողութեանց եւ օրհնուած ջուր ստանալով՝ Աստուածորդւոյն օրհնութիւններով համակեցին իրենց բնակարաններուն յարկերը:
ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՆ
“Բաղրամեան” սրահը, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ եղաւ ժամադրավայրը մեր Թեմի ներկայացուցչական դէմքերուն ու բազմահարիւր ազգայիններու, որոնք խմբուած էին համատեղ տօնելու հայ քրիստոնեային Ս. Ծննդեան տօնը՝ հաղորդուելով Աստուածայայտնութեան խորհուրդներով: Մասնակիցներուն թիւը կը հասնէր 600ի:
Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրին ընդառաջած էին Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը՝ Ճոնի Իպրահիմ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան եւ Վիգէն Գասապեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ անդամներ, Ազգային Վարչութեան անդամներ, ՀՕՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչներ եւ տնօրէններ, CASPSի եւ “Ֆորէսթ Լոն”ի ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Մոնթեպելլոյի նորընտիր քաղաքապետ Տիար Ճէք Հաճինեան, մեր Թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց եւ երեսփոխանական կազմի անդամներ, Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ, իրենց ընտանիքներուն հետ միասին, ու ներկայացուցչական այլ դէմքեր:
Սրահ ժամանողները պահ մը մտերմիկ պահ մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին եւ իրարու հետ, ապա, իրենց տեղերը գրաւելով, սպասեցին խորհրդաւոր պահուն, որ պիտի ստեղծուէր Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւորականաց դասու սրահ մուտքով: Հանդիսավարը՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, ողջոյնի հակիրճ խօսքով մը անդրադարձաւ տօնական օրուան խորհուրդին եւ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս դիմաւորելու Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը, որոնք մոմեր ի ձեռին, “Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի”, “Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան” շարականներուն երգեցողութեամբ սրահ մտան եւ յոտնկայս դիմաւորուեցան ներկաներուն կողմէ, որոնք նմանապէս մոմեր ունէին իրենց ձեռքերուն, ու բոլորին հաղորդեցին Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան աւետիսը՝ Ս. Ծննդեան աւետարանական հատուածին ընդմէջէն:
Տեղի ունեցաւ Թաթախի աւանդական արարողութիւնը եւ այնուհետեւ, ծրագրուած յայտագիրը ընթացաւ հեզասահ կերպով:
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԵՐ
Բացման խօսքով՝ ներկաները ողջունեց Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, որ յանուն Տ. Օ. Մարմինին՝ բարի վայելում մաղթեց աւանդական այս երեկոյին մասնակիցներուն:
Հանդիսավարը այնուհետեւ հրաւիրեց ներկաները ունկնդրելու Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը, ուղղուած՝ ընթրիքի այս երեկոյին մասնակիցներուն եւ ընդհանրապէս մեր Թեմի զաւակներուն: Վեհափառ Հայրապետը, ողջունելով Առաջնորդ Սրբազանը, ժողովականութեան անդամները, ներկաներն ու մեր Թեմի հայկական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, նախ շնորհաւորեց նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա վեր առաւ եկեղեցանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութեան կարեւորութիւնը: Նորին Սուրբ Օծութեան պատգամը կեդրոնացած էր երեք հիմնական մտածումներու վրայ. Առաջին՝ կազմակերպուածութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ հիմ ու աղբիւր հզօրութեան, համայնքային, ազգային ու պետական մակարդակներու վրայ: Ան յիշեցուց եկեղեցին ժողովուրդին տանելու եւ ժողովուրդը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ներգրաւելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ առանց ժողովուրդի, եկեղեցին կը մնայ լոկ քարեղէն կառոյց: Երկրորդ՝ հայութեան պահանջատիրութիւնը, մանաւանդ, որ 2015 տարին կը նշէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Իբրեւ իրաւազրկուած ժողովուրդ, պէտք է տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն ու զանոնք հետապնդենք պահանջատէրի կամքով, այս տարի աւելի՛ կազմակերպուած եւ ուժական կերպով մեր շրջապատին ու աշխարհին յիշեցնենք մեր պահանջները ու զանոնք վերածենք մեր բոլոր աշխատանքներուն կիզակէտին: Իսկ երրորդ՝ պահպանել միասնականութիւնը, շրջանցելով դարերու ընթացքին, մեր կամքէն անկախ պատճառներով ստեղծուած բաժանումները, որովհետեւ հակառակ արտաքին ազդակներու, հայութիւնը հիմնական հարցերու մէջ մնացած է ու կը մնայ միակամ: Նորին Սուրբ Օծութիւնը շեշտեց, որ մասնաւորաբար այսօր, հայութիւնը միակամ կերպով պահանջատէր կը ներկայանայ Թուրքիոյ դէմ, Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ Սփիւռքեան օճախներ, մէկ ազգ, մէկ հայրենիք ու մէկ պահանջատիրութիւն մօտեցումով: Ան աղօթք բարձրացուց, որ այս ուղին հայութիւնը առաջնորդէ դէպի հաւաքական կեանքի պայծառակերպութիւն:
Ազգային Վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետը՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան: Պաշտօնական ու ներկայացուցչական անձնաւորութիւնները եւ ներկաները ողջունելով, ան նշեց, որ այս ընթրիքի երեկոն մեր պապերուն բացած ճամբուն հաւատարմութեան ուրախ աւանդապահութիւն մըն է, ուխտի ու յանձնառութեան վերանորոգութեան առիթ: 2015 տարին հայութեան համար պահանջատիրութեան թափ տալու պատմական հանգրուան մըն է, հետեւաբար, պէտք է ուխտել, որ այս տարուան բոլոր ձեռնարկներուն ու պայքարի երթին մասնակից պիտի ըլլանք յիշելով ու յիշեցնելով: Ան շնորհաւորութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի կազմակերպիչ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին եւ ներկաներուն, որոնց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը վայելէ Ազգ. Առաջնորդարանը այսօր եւ միշտ:
Սրտի խօսք արտասանեց Լիբանանի դիւանագիտական ներկայացուցիչը՝ Ճոնի Իպրահիմ: Ողջոյնի ու շնորհաւորանքի արտայայտութիւններէ ետք, ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի տագնապալի վիճակին, նշելով, որ վերջին չորս տարիները եղան ծանր, Լիբանան եւս մասնակից է ոճրային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, պաշտպան կը կանգնի փոքրամասնութիւններուն, իր արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով անհրաժեշտ հետապնդումը կը կատարէ միջազգային իրաւական ատեաններու մօտ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան եղած է ու կը մնայ համակեցութեան երկիր, որուն ժողովուրդին անբաժանելի մէկ մասն է հայ համայնքը: Լիբանանցի դիւանագէտը անդրադարձաւ նաեւ հայութեան համար 2015 թուականի կարեւորութեան եւ հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան յիշատակումին մէջ Լիբանանը պիտի ունենայ կեդրոնական տեղ: Ան վեր առաւ պատմական նշանակութիւնը 100ամեակի նշանակին համար ընտրուած ծաղիկին, որ կը խորհրդանշէ յիշողութիւն: Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ նոր շրջանը նոր յոյսերով հարստացնէ հայութիւնն ու աշխարհի ժողովուրդները:
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընթրիքի երեկոյի այս տարուան գլխաւոր հովանաւորն էր Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեան բարերար ամոլը, որ ներկայ էր ձեռնարկին: Անոնց կողքին, լիաբուռն նուիրատուութիւններով ձեռնարկին հովանաւորման մասնակից էին Ազգային բարերարներ Հէնք Խաչատուրեան, Տիկին Թինա Գարոլան եւ Գարոլան Հիմնարկը, ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկին Կայծակ եւ Անահիտ Օհանէսեան ամոլը: Ներկաներուն տրուեցան Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Քրիստինա Չափարեան բարերար ընտանիքին կողմէ տրամադրուած յուշանուէրներ, որոնք Ազգային Առաջնորդարանին համար պատրաստուած էին յատուկ մօտեցումով եւ կ’ընդգրկէին Ցեղասպանութեան 100ամեակի խորհրդանշան-ծաղիկը, “Կը յիշեմ, կը պահանջեմ” նշանախօսքով: Ձեռնարկի նուիրատուներուն ու հովանաւորներուն, ինչպէս նաեւ այս առիթով Ազգ. Առաջնորդարանին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարողներուն ցանկը հրատարակուած էր յատուկ գրքոյկով մը: Ուրախալի է, որ Ս. Ծննդեան ընթրիքի այս երեկոյին առիթով կատարուած նուիրատութիւնները նոր նուաճում մը եւ աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրեցին, պերճախօս արտայայտութիւն մը ըլլալով Ազգ. Առաջնորդարանին հանդէպ զօրակցութեան:
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ էր ու շեշտակիօրէն հայկական. մուտքին, Մերուժան Մարգարեան ջութակի վրայ նուագներով հայկական հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց: Կրէկ Հօշարեանի Քառեակը (Կրէկ Հօշարեան՝ դաշնակ, Սալբի Քերքոնեան՝ սրինգ, Ճորճ Պիլէզիքճեան՝ թմբուկ եւ Այլին Ամիրեան՝ երգ) ճաշի պահուն դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երաժշտութեամբ ու երգերով խանդավառեց մթնոլորտը: Երգչուի Թալին Նալպանտեան առնիքնող ոճով ներկայացուց Ս. Ծննդեան տօնին “Լուռ Գիշեր”, “Ով Զարմանալի” եւ “Այսօր Ձայնն Հայրական” երգերը, իսկ Համազգայինի “Անի” պարախումբը, Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Դարբինեան-Բարսեղեանի ղեկավարութեամբ, հանդէս եկաւ հայկական գեղեցիկ պարերով:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Հայկական տոհմիկ մթնոլորտով յագեցած երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին պատգամով:
Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս, նոր տարուան սեմին, բոլորիս առիթը ընծայած է ի մի համախմբուելու այս սրահին մէջ, զիրար շնորհաւորելու Ս. Ծննդեան աւետիսով ու բաժնեկից ըլլալու Մանուկ Յիսուսի առաքինութիւններուն: Ան վեր առաւ Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդով ու երկրաւոր կեանքով մարդկութեան ուղղուած սիրոյ, հաճութեան ու խաղաղութեան պատգամներուն, ապա, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, այս երեկոյին առիթով պատգամին ու ընդհանրապէս Առաջնորդարանի աշխատանքներուն ուղեցոյցի իր հանգամանքին համար: Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմիս մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանին ընթրիքի 20րդ այս երեկոյին առիթով ողջունեց պաշտօնական ու ներկայացուցչական անձնաւորութիւնները, բարերարներն ու Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակից բարեկամները, որոնց գործակցութիւնը անփոխարինելի դեր ունի Առաջնորդարանի աշխատանքներուն յաջողութեան մէջ: Ան յատուկ դրուատիքով խօսեցաւ ընթրիքի երեկոյի հիւրընկալ բարերար ամոլին՝ Տէր եւ Տիկին Արտա Եմենիճեանի ազգանուէր ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներու ընտանիքին միացած Տիար Կայծակ Օհաննէսեանի նուիրաբերումին մասին:
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը շարունակեց հանգամանօրէն անդրադառնալով Ցեղասպանութեան յիշատակման համար յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուած ծրագիրներուն, որոնք պիտի միացնեն հայութեան ձեռքերը՝ Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ Սփիւռքեան օճախներ: Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ հայութիւնը իր ամբողջ պատմութիւնը կերտած է հետեւելով Քրիստոսի պատգամներուն ու Անոր հաւատարմութեամբ՝ յաջողած է վերականգնիլ ու վերականգնել իր հաւաքական կեանքն ու հայրենիքը: (Առաջնորդ Սրբազանին ամբողջ խօսքը կու տանք առանձնաբար):
Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին “Պահպանիչ”ով, “Կիլիկիա”ի եւ Հայրապետական Մաղթանքի խմբերգումով: Ներկաները զիրար շնորհաւորեցին Ս. Ծննդեան ու ամանորի առիթով ու մեկնեցան պատմական թուական մը թեւակոխած ըլլալու զգացումներով: