ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՍՄԲԱՏ ԱՐՔ. ԼԱՓԱՃԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ Բ. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 29 Յուլիսին հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին ու աւարտին՝ հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին յատուկ յիշատակութեան արժանացան հոգելոյս Սմբատ Արք. Լափաճեանն ու Լիզպոնի Հինգ Նահատակները։

Երկու տարի առաջ էր, երբ մեր Թեմը վերջին հրաժեշտը տուաւ Սմբատ Արքեպիսկոպոսին, իսկ Լիզպոնի Հինգին՝ Սարգիս Աբրահամեանի, Սեդրակ Աճէմեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սիմոն Եահնիեանի նահատակութեան 29րդ տարեդարձն էր։

Պատարագիչն էր Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիւանեան։ Յընթացս Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը տուաւ պատգամ մը, վեր առնելով Սմբատ Սրբազանին ծառայական կեանքն ու հինգ երիտասարդներուն անձնազոհութեան շարժառիթը։

Խօսելով Հոգելոյս Սրբազանին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ ան համեստ ու հաւատաւոր սպասաւորն էր Աստուծոյ ու մեր եկեղեցւոյ, իսկական հովիւ մը՝ բանաւոր հօտին, ու առաջնորդ մը՝ իր ժողովուրդին։ Ան իր կեանքը նուիրաբերեց աստուածահաճոյ ծառայութեան իրագործման, եւ հոգալու իր հօտին հոգեւոր կարիքները։ Ան իր ազդեցութիւնը ունեցաւ բազմաթիւ սերունդներու կեանքին վրայ, եղաւ ազնիւ դաստիարակ, ներշնչում տուաւ շատերու, եղաւ հոգածու հօր մը նման, ու անոր յիշատակը անմոռաց պիտի մնայ զինք ճանչցողներուն հոգիներուն մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով աղօթք բարձրացուց հանգուցեալ Սրբազանին հոգիին խաղաղութեան համար։

Անդրադառնալով Լիզպոնի նահատակներուն, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այսօր կը յիշենք նաեւ անձնազոհ հինգ հայ երիտասարդները, որոնք 29 տարի առաջ դիմեցին գերագոյն զոհաբերութեան, աշխարհին յիշեցնելու մեր Դատն ու հայութեան պահանջատիրութիւնը։ Անոնց արարքը յուշարար մըն էր Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան, մեր ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ մեր հողային ու մշակութային կորուստներուն։ Իրենց յանդուգն ու քաջարի արարքով, անոնք վերահաստատեցին, թէ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ իր իրաւունքները եւ դադար պիտի չտայ անոնց կենսագործման նպատակով պայքարին, պիտի պահանջէ ճանաչողութիւն եւ արդար հատուցում։

 

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԻՄՔԸ

 

Պատգամին յաջորդ բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ ամուսնական կեանքի յատկանիշներն ու նախադրեալները, մեկնելով օրուան աւետարանական պատգամէն, քաղուած՝ Մաթտէոսի Աւետարանի 19 գլուխի 3-12 համարներէն։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ ամուսնութիւնն ու ընտանիքը սրբազան միաւոր են, աստուածատուր շնորհք մը եւ հիմնաքարը ընկերութեան. անոր դալկացումն ու տկարացումը, խախտումը՝ վնասակար անդրադարձը կþունենան մարդկային ընկերութեան վրայ։ Հետեւաբար, քրիստոնէական հիմերու վրայ կառուցուած ընտանիքը բանալին է անհատական ու հաւաքական ընտանիքներու ամուր գոյատեւման, առողջ պահպանումին։ Աւետարանը բազմաթիւ ցուցմունքներ եւ ուղեցոյցներ ունի ընտանիքին մասին։ Քրիստոնէական սկզբունքներու վրայ հիմնուած ընտանիքը նաեւ հիմն է Հայ Ընտանիքին, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, ընդգծելով, որ այդ սկզբունքները նաեւ հիմնաքարն են մեր ազգին, բանալին՝ մեր դարաւոր գոյատեւման, հակառակ անոր, որ մեր ժողովուրդը բազմապիսի մարտահրաւէրներ ու վտանգներ դիմագրաւած է իր կեանքին ընթացքին, ի պաշտպանութիւն մեր հաւատքին ու մշակոյթին։ »Եկէք, ուրեմն, անսանք մեր պապերու իմաստութեան ու հաւատքին, եւ ի խնդիր իրերայաջորդ սերունդներու պահպանման ու գոյատեւման, հաստատ պահենք քրիստոնեայ ընտանիքի արժէքներն ու աւանդութիւնները մեր կեանքին մէջ, հետեւինք աստուածային պատուիրաններուն, մեր ընտանիքները հաստատենք ամուր ժայռի՝ Աստուածաշունչին վրայ«, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Նշենք, որ նոյն օրը, յաւարտ Ս. Պատարագի, Լիզպոնի Հինգին յիշատակին հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Պատարագիչ հոգեւոր հայրերը կարդացին այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022