Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը պոլսահայ ծանօթ երգչուհի Սիպիլի, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անդամներ Տիկնայք Լիւսի Չուխաճեանի եւ Վանիա Պապիկեանի. վերջինը նաեւ անդամ է Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Նշենք, որ անուանի արուեստագիտուհին Լոս Անճելըս հրաւիրուած է «Համազգային»ի եւ Պոլսահայ Միութեան կողմէ, երգահանդէսի մը համար։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց արուեստագիտուհիին Ազգ. Առաջնորդարան ներկայութիւնը, գնահատեց հայկական երգարուեստին մէջ անոր կերտած վաստակն ու ընդհանրապէս նորահաս սերունդին մէջ հայ երգի տարածման նպատակով անոր դերակատարութիւնը։ Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ որոշ ծանօթութիւններ հաղորդելու Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան տարբեր մարզերուն մասին, որոնք կþընդգրկեն մեր ժողովուրդին քրիստոնէական ու ազգային կարիքներու մատակարարումը։ Հիւր արուեստագիտուհին, իր կարգին, խօսեցաւ իր աշխատանքներուն ու ապագայի ծրագիրներուն մասին։

Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց երգչուհիին, մասնաւորաբար յառաջիկայ Կիրակի օրուան երգահանդէսին առիթով եւ ընդհանրապէս արուեստի ասպարէզին մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022