Հինգշաբթի, 12 Դեկտեբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Դեսպանատան պաշտպանութեան կցորդ՝ Գնդապետ Արման Մկրտչեանի եւ Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնադրամի Տնօրէն Խորհուրդի անդամ Տիար Ռազմիկ Արզումանեանի։
Մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը մեր հայրենիքը պաշտպանող քաջարի զինուորներուն առաջին բուժօգնութեան փաթեթներ ու ֆիզիքական եւ հոգեկան վերականգնումի նպաստներ կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի եւ կրթական ծրագիրներու միջոցներ կ’ընձեռէ։
Ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին հիւրերը ներկայացուցին Հիմնադրամի առաքելութիւնը եւ պաշտպանութեան բարեփոխումներու ընթացքը։ Կարեւորելով մեր հերոս զինուորներուն մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու հրամայականը, Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին Ազգ. Առաջնորդարանի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց։