Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 25 Յունուար 2016ին Սան Ֆրանսիսքօ մեկնեցաւ, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, որ, ինչպէս ծանօթ է, նշանակուած է քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ շուտով պիտի ստանձնէ իր ծառայական առաքելութիւնը: Այս այցելութեան նպատակն էր Հայր Սուրբը ծանօթացնել եկեղեցւոյ ժողովականութեան եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց ծանօթացման հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ եւ համախմբեց գաղութի ներկայացոցիչները: Ներկայ էին եկեղեցւոյ այժմու հովիւը՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Հ.
buy stromectol UK https://www.bodybuildingestore.com/wp-content/languages/new/engl/stromectol.html no prescription
Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէի, ՀՕՄի «Կարին», «Էրեբունի» եւ «Ակնունի» մասնաճիւղերուն (Սան Ֆրանսիսքօ, Օքլէնտ եւ Սան Հոզէ՝ յաջորդաբար) ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանի մասնաճիւղին ներկայացուցիչները:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին հովիւը՝ Տ. Խորէն Աւ. Քահանայ, հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, եւ գործակից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին նոր հովիւին։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց Հայր Պարոյրը, խօսեցաւ անոր վաստակին մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր առաքելութեան մէջ:
Հայր Սուրբը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ շեշտեց Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքը գործակցաբար նոր ծաղկումի առաջնորդելու անհրաժեշտութիւնը: