Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ, Աւետիսեան ընտանիքի 6 անդամներ զոհ գացին ռուս զինուորի մը կողմէ 12 Յունուարին գործուած ոճրային արարքի մը, որ մեծ յուզում պատճառեց ողջ հայութեան:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, անցեալ Կիրակի, 18 Յունուարին, յիշեալ դէպքի զոհերուն համար հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եւ Մոնթեպելլոյի Ս.
buy viagra super dulox force online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/viagra-super-dulox-force.html no prescription
Խաչ Եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ “Տէր Ողորմեա”ի աղօթք՝ դէպքին հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած վեցամսեայ Սերիոժայի բժշկութեան համար։
Դժբախտաբար, Սերիոժա մահացաւ այս շաբաթասկիզբին: Արդ, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէին խնդրանքով, յառաջիկայ Կիրակի, 25 Յունուարին, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Աւետիսեան ընտանիքի անդամներուն, առաւել նոր մահացած մանուկին համար: Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ արարողութեան: