Ինչպէս հաղորդած էինք, Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ցաւով գուժեց վախճանումը իր երէց անդամներէն Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի։
Երկուշաբթի, 24 Յուլիսին, շրջապատուած միաբան հայրերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, վերջին օծումը կատարեց հոգելոյս Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի։
Իր դամբանական խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ հանգուցեալ Սրբազանին քառասուն տարիներու նուիրեալ ծառայութեան՝ թէ՛ Վանքէն եւ թէ՛ թեմերէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ. «Նորայր Սրբազանը համալսարան չգնաց, համալսարանական վկայականներու չտիրացաւ. իր միա՛կ վկայականը եղաւ անշահախնդիր ծառայութիւնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Հայ հոգեւորականին բարձրագոյն վկայականը ծառայութիւնն է։ Այս համոզումով ու նուիրումով ծառայեց Նորայր Սրբազանը, հաւատարմութիւնը ու համեստութիւնը դարձնելով իր ծառայութեան ամէնէն յատկանշական երեսները»։ Ան յիշեցուց, որ հանգուցեալ Սրբազանին քառասուն տարիներու ծառայական կեանքին մէջ յատկապէս երեք բնագաւառներ միշտ մնացին տիրական՝ մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքը, մեր Սուրբ Աթոռին հրատարակչական մարզը եւ թեմական ծառայութիւն։
Վերջին օծումէն ետք, Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Թաղման Կարգը՝ Մայրավանքի Միաբանութեան դամբարանին մէջ։
Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կիրակի, 30 Յուլիսին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի հոգելոյս Սրբազանին հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Նշենք, որ Կիրակի, 23 Յուլիսին, մեր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուած էր վախճանեալ Սրբազանին յիշատակին։