Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս.
buy cipro online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/cipro.html no prescription
Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ միութեան անդամներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածին՝ Ղուկասու 9րդ գլուխի 44-50 համարներուն «Ո՞վ է ամենամեծը» թեմայով, նշելով, որ մեծութիւնը խոնարհ եւ սիրազեղ ծառայութիւն է ուրիշներու նկատմամբ եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է Քրիստոսի օրինակով իր նմանին ծառայելու։ «Քրիստոս աշխարհ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու։ Մեր նմաններուն ծառայել, կը նշանակէ Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցել եւ զԻնք փառաբանել», շեշտեց ան։
Անդրադառնալով օրուան յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօնին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշատակեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքէն ներս իրենց ներդրումը ունեցած հանգուցեալները, որոնք օրուան աւետարանական պատգամին հետեւելով, անձնուրաց եւ անսակարկ ծառայեցին հաւաքական շահերու ի խնդիր եւ հաւատարիմ մնացին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին։ Ան օրհնեց բոլոր այն նուիրեալներուն յիշատակը, որոնք հաւատքով, սիրով եւ խոնարհութեամբ ծառայեցին, ինչպէս նաեւ գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու ազգանուէր գործունէութիւնը։
Գոհաբանութեան օրուան նախօրեակին եւ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօնակատարութեանց ընդառաջ, Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ այս շրջանը լաւագոյն առիթ է Քրիստոսի սէրն ու գութը տարածելու՝ բարիք գործելով եւ նուիրաբերում կատարելով։ Այնուհետեւ, կոչ ուղղեց միասնական ոգիով եւ լիաբուռն ընդառաջելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 22-րդ տարեկան թելեթոնին՝ նոր յառաջաքայլ մը արձանագրելով հայրենաշինութեան մեր գործին մէջ։