Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ննջեցեալներու Հոգեհանգիստ՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի միութեան հանգուցեալ անդամներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022