Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգիստ՝ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նահատակութեան 34-րդ Տարելիցին

Ցեղասպանին դէմ հայութեան արդար պահանջատիրութեան պայքարի ճամբուն վրայ, 34 տարի առաջ, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ արձանագրուեցաւ սխրալի գործողութիւն մը. հինգ հայ երիտասարդներ՝ Սիմոն Եահնէեան, Վաչէ Տաղլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Արա Գրճըլեան եւ Սեդրակ Աճէմեան, հետեւելով Հայ Ֆետայիներուն եւ հերոսամարտեր կերտած հերոսներուն ուղիին, իրենց կեանքը զոհաբերեցին «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամին ընդառաջելով, եւ աշխարհին յիշեցուցին, որ հայութիւնը վճռած է աննահանջ շարունակել իր արդար իրաւունքներուն հետապնդումը։

Լիզպոնի հինգ հերոսներուն սխրալի արարքը նոր բարձրակէտ մը հանդիսացաւ մեր պահանջատիրական պայքարի երթին մէջ. անոր արձագանգները քանի մը տարի ետք հնչեցին Արցախի բարձունքներուն, մինչեւ այսօր ալ վառ կը մնան ողջ հայութեան ու մասնաւորաբար երիտասարդութեան հոգիին ու կամքին մէջ։

Յարգելու համար յիշատակը Լիզպոնի հերոսներուն, Կիրակի, 30 Յուլիս 2017-ին, տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հինգ Նահատակներու հոգիներուն համար։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը պատգամ մը ուղղած է մեր ժողովուրդին, որ յընթացս Ս. Պատարագի, պիտի ընթերցուի հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ աղօթքով խոնարհի հերոս նահատակներուն յիշատակին եւ վերանորոգէ անոնց վառած ջահը վառ պահելու ուխտը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022