Կիրակի, 16 Յուլիս 2017-ին, Այլակերպութեան տօնի Բարեկենդանին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Պատարագիչն էր Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան. արարողութեանց մասնակից էին հոգեւոր տեսուչը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանն ու Երուսաղէմի Սբ. Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն եւ Ֆրանսայի Թեմին մէջ ծառայող՝ Գերպ. Տ. Ժիրայր Ծ. Վրդ. Թաշճեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ հոգելոյս Սմբատ Արք. Լափաճեանի յիշատակին՝ վախճանման եօթներորդ տարելիցին առիթով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը կեդրոնացած էր Մատթէոս Աւետարանի 14-րդ գլուխի 13-էն 21-րդ համարներուն վրայ, ուր կը պատմուի Յիսուսի կողմէ հինգ հազարի կերակրուելուն հրաշքը։ Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով պատմեց աստուածաշնչական դրուագը եւ կանգ առաւ այդ հրաշքէն հաւատացեալին հասնող խորհուրդներուն վրայ։ Ան առաջին հերթին նշեց, որ մեր Տիրոջ սէրն ու մարդկութեան հանդէպ հոգածութիւնը արտայայտութիւն գտած են անոր հրաշքներով, երկրորդ, մեզի կը թելադրուի մէկդի ձգել ամէն տեսակի մտահոգութիւն եւ կասկած եւ մեր աչքերը ուղղել Քրիստոսի, որ պիտի հոգայ մեր բոլոր կարիքները, երրորդ, գիտակցիլ, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ, Ան կրնայ անկարելին կարելի դարձնել, վերջապէս՝ մեզի կը մնայ Յիսուսի հետեւողութեամբ օգնել մեր նմաններուն։ Հետեւաբար՝ պէտք է մեր աչքերը Տիրոջ ուղղենք, խնդրելով ոյժ, իմաստութիւն, քաջութիւն եւ հոգիի անդորրութիւն, վստահինք Իրեն՝ յագեցնելու համար մեր անօթութիւնն ու ծարաւը, որովհետեւ ան է մեր բոլոր կարիքներուն գոհացում պարգեւողը։
Առաջնորդ Սրբազանը երախտագիտութեամբ յիշատակեց հոգելոյս Սմբատ Սրբազանը, Տիրոջ այգիին հաւատարիմ մշակը, որ իր կեանքը նուիրեց եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան, վստահելով Աստուծոյ, իր ամէնօրեայ սնունդն ու կորովը ստացաւ Քրիստոսի կենաց հացէն ու կենսատու աղբիւրէն։ Ան իր ետին թողած է բարի հովիւի մը ժառանգութիւնը, կարող առաջնորդի մը վաստակը, շատերու համար եղած է հայր եւ կերտած է Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան նուիրուած կեանք մը։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ ի մօտոյ, Մայր Տաճարին կից բացումը պիտի կատարուի Սրբազանին յիշատակին նուիրուած գրադարան-թանգարանին, արժանաւոր նուիրեալին յիշատակը անթառամ պահելու համար այս գաղութի կեանքին մէջ, ուր մնայուն ներկայութիւն էր։
Վերջապէս, նկատի ունենալով, որ կը գտնուինք Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը կանխող եօթնօրեայ պահեցողութեան շրջանի նախօրեակին, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որ Քրիստոսի լոյսը վերանորոգէ ու զօրութիւն պարգեւէ բոլորին։
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը, հաւատացեալներուն հետ միասին, թափօրով առաջնորդուեցան հոգելոյս Սրբազանին շիրիմին շուրջ, Տաճարի մուտքին մօտ, ուր աղօթք բարձրացուեցաւ անոր հոգիին խաղաղութեան համար։ Աւելի ուշ, հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի սիրոյ սեղան։