Առաջնորդ Սրբազան Կ’այցելէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Ծխական Համայնքին – Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան Արժանացաւ Լանջախաչ Կրելու Իրաւունքին


Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2016ին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Պատարագին, քահանայական Լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանին եւ օրուան յատուկ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամները եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ: Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը:

Ինչպէս ծանօթ է, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով, 2016-ը հռչակուեցաւ «Ծառայութեան Տարի»։ Հետեւաբար, Տիրոջ անդաստանէն ներս ծառայող մշակներուն վաստակն ալ գնահատանքի կ’արժանանայ Հայրապետական սրբատառ կոնդակով:

Ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր դիմումին, Նորին Սրբութիւնը գնահատելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ծառայութիւնը՝ քահանայական Լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց անոր։

Քարոզէն առաջ, «Ուրախ լեր» քաղցրահնչիւն շարականի երգեցողութեամբ, Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը բերուեցաւ խորան։ Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց կոնդակն ու խաչով զարդարեց քահանայ հօր լանջը։ Ան նախ եւ առաջ գնահատեց քահանայ հօր անցնող հինգ տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը, ապա շնորհաւորեց զինք, ընտանիքը եւ Քրեսենթա Հովիտի ծխական համայնքը։ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ հոգեւորականներուն ընծայուած պատիւները սոսկ պճնանքներ չեն զարդարուելու նպատակաւ, այլ՝ իւրաքանչիւր եկեղեցականի պարգեւուած Աստուածատուր եւ անտեսանելի շնորհքներուն խորհրդանիշներն են, որոնց քահանայ հայրերը արժանի կ’ըլլան անխոնջ ծառայութեան շնորհիւ։ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան իր կարգին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ Առաջնորդ Սրբազանին, որոնք զինք արժանի նկատած են այս պատիւին, որ քաղցր լուծ մըն է իր ուսերուն եւ քահանայական ուխտի վերանորոգման խթան։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, Շաբաթ օր յիշատակն էր մեր հաւատքի եւ դաւանանքի ռահվիրաներուն՝ Նիկիոյ ժողովին մասնակցած երեքհարիւր եւ տասնեւութ հայրապետներուն, իսկ այսօր բարեկենդանն է խաչի վերացման տօնին, որ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութեան թագն ու պսակն է եւ մարդկութեան փրկութեան երաշխիքը։ Անդրադառնալով օրուան աւետարանական դրուագին, խուլ եւ համր մարդու բժշկութեան ¤Մարկոս 7.31-37¥, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ըսելով.
buy lipitor Canada https://langleyrx.com/lipitor.html no prescription

«Ի ծնէ խուլ եւ համր մարդը բժշկուեցաւ ֆիզիքական ախտէ, ականջալուր եղաւ փրկութեան աւետիսին եւ վկան՝ Աստուածորդիին հրաշքներուն, թո՛ղ որ մենք ալ մեր ոգեղէն ականջներն ու աչքերը բանանք, լսենք եւ տեսնենք Աստուծոյ ձայնն ու հրաշքները, վկաները ըլլանք փրկութեան աւետիսին, բարութիւն սփռենք ամէնուր»։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, խաղաղութիւն խնդրելով աշխարհի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի հայութեան համար, որովհետեւ այս օրերուն, աւելի եւս կարիքը ունինք Աստուծոյ ողորմութեան եւ շնորհքներուն։

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա եկեղցւոյ հոգաբարձութիւնը սիրոյ սեղան մը կազմակերպած էր ի պատիւ Քահանայ Հօր, հիւրընկալելով ներկայ հաւատացեալները:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022