Լանջախաչի Տուչութիւն Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի


Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2016ը իւրայատուկ օր մը եղաւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ համայնքին համար։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Պատարագին ու փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, որ ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ստացաւ Լանջախաչ կրելու իրաւունք։ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքին, Լանջախաչ կրելու իրաւունքը շնորհած է Տէր Հօր։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, իր տիկնոջ հետ, Լոս Անճելոսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցիներու երեսփոխաններ եւ շրջանի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հարազատներ ու մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք տոգորուեցան օրուան խորհուրդով:

Քարոզէն առաջ, «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ, Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը Ս. Խորան բարձրացուեցաւ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեանին կողմէ. Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց կոնդակը եւ լանջախաչը անցուց Տէր Հօր վիզէն: Սրբազան Հայրը բացատրութիւն տուաւ քահանաներու շնորհաբաշխումին մասին, ապա փոխանցեց օրուան պատգամը, որ առնուած էր Մարկոս Աւետարանէն (10.1-12), որուն մէջ կը պատմուի թէ ինչպէս Փարիսեցիները Տէր Յիսուս Քրիստոսը կը փորձեն՝ ամուսնալուծման մասին հարցում ուղղելով։ Սրբազան հայրը լայնօրէն անդրադարձաւ այս այժմէական հարցին, որ մեր ժամանակներուն սկսած է լուրջ հարցի վերածուիլ ու վտանգել ընտանեկան աւանդական կառոյցը։ Ամուսնալուծումն ու անոր հետեւանքները մեծապէս կ’ազդեն մարդկային ընկերութեան վրայ, զայն առաջնորդելով անկման ու քայքայման։ Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները տէր կանգնելու իրենց ընտանիքներուն, ըլլան հաւատարիմ, առաջնորդուին զոհողութեան եւ հաւատարմութեան սկզբունքներով:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Տէր Հայրն ու ընտանիքը՝ այս իւրայատուկ առիթով, ինչպէս նաեւ Օրէնճ Քաունթիի համայնքի զաւակները, գնահատելով Տէր Հօր տարած քահանայական ծառայութիւնը անցեալ եօթը տարիներուն, վերջին երեքը՝ Օրէնճ Քաունթիի գաղութին մէջ։ Տէր Հայրը իր կարգին շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու գաղութին մէջ գործող մարմիններուն, որոնք կը գործեն յանուն հոգեւոր ու ազգային բարեզարդման ու պայծառութեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ: Առաջնորդ Սրբազանը ցաւակցութեան յատուկ խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ ծխականներէն եւ բազմամեայ նուիրեալ ծառայողներէն Ժըմայէլ ընտանիքին, որ քառասուն օր առաջ կորսնցուցած էր իր զաւակը:

Ս. Պատարագէն ետք, հաւատացեալները ուղղուեցան «Ղուկասեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, պատրաստուած՝ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ: Հանդիսավարն էր հոգաբարձութեան անդամներէն Տիար Յակոբ Պատոլեան: Յայտագիրը կ’ընդգրկէր սրտի խօսքեր, երգ, արտասանութիւն եւ նուագ։ Արտասանութեամբ հանդէս եկան եկեղեցւոյ ամառնային Ս. Գրոց եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներէն Քարէն Այվազեան, որ արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»ը, եւ Ալիք Արթինեան, որ արտասանեց Համաստեղի «Հայու Ոգին» բանաստեղծութիւնը։ Շրջանի երիտասարդ եւ տաղանդաւոր երաժիշտ եւ վերաձայն (Counter-Tenor) Վազգէն Օհանեան ներկայացուց Ռուբէն Սեւակի ստեղծագործութիւններէն երգ մը եւ նուագի ընկերակցութեամբ երգեց Կոմիտասի «Կաքաւիկ» երգը։ Ներկաները մեծապէս խանդավառուեցան այս ներկայացումով։

Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մանօ Տիշոյեան եւ Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան ատենապետուհի Տիկին Եսթեր Թոկնոզի, որ Միութեան կողմէ Տէր Հօր նուիրեց Քեսապի Միութեան նշանը։ Տէր Հայրը շնորհակալական խօսք արտասանեց, նախ՝ Սրբազան Հօր ներկայութեան ու այս առիթի շնորհման համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, որոնք մասնակից դարձան օրուան խորհուրդին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս փոխանցեց իր շնորհաւորանքները ու յորդորեց գաղութի զաւակները, միասնական ճիգերով առաջ տանելու գաղութի աշխատանքները, միշտ համագործակցելով հոգեւոր հովիւին հետ։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» մաղթերգով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022