Արժ. Տ. Մովսէս Քահանայ Շաննագեան Հոգեւոր Հովիւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ

Կիրակի, 2 Մայիս 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Երեւման Ս. Խաչի տօնին առիթով նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ իր պատգամին մէջ շնորհաւորեց Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը, որ իբրեւ հոգեւոր հովիւ այսուհետեւ պիտի գործէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Արժ.
buy amoxicillin generic https://buywithoutprescriptiononlinerx.com/amoxicillin.html over the counter

Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանի, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի կողքին՝ իր երիտասարդական ուժն ու աւիւնը ամբողջականօրէն ներդնելով ծառայական գործին մէջ, ի նպաստ Աստուծոյ Տան յաւելեալ բարեզարդման եւ բարգաւաճման:

Իր հոգեւոր խօսքին մէջ ընդգծելէ ետք Երուսաղէմի մէջ 4-րդ դարուն արձանագրուած հրաշքը, որ Ս. Խաչի երեւումն էր երկինքէն, պատգամաբեր Սրբազան Հայրը նշեց. «Այս տօնին առիթով այսօր բոլորս կը հրաւիրուինք մեր հոգիի եւ առօրեայ կեանքին մէջ տեսնելու Ս. Խաչին լուսափայլ ներկայութիւնը՝ հաւատք եւ կապուածութիւն ունենալով մեր Արարիչին նկատմամբ, սէր եւ մտերմութիւն ունենալով մեր Փրկչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ», ապա շարունակեց՝ ըսելով. «Աստուածորդի Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որ մարդուն մթագնած կեանքին լոյս տայ, որովհետեւ Աստուած լոյս է եւ ան որ Աստուած ունի իր կեանքին մէջ, պէտք է հեռու մնայ խաւարէն, որովհետեւ լոյսն ու խաւարը քով-քովի չեն գար, այնպէս ինչպէս բարեպաշտութիւնը ու մեղքը, օրհնութիւնն ու անէծքը չեն հանդիպիր իրարու: Ս. Խաչի Երեւման տօնը մեր ներկայ դարուն մէջ աւելի եւս կը ձգտի մեզ բոլորս զգուշացնելու կործանարար մեղքէն եւ խաւարի իշխանութենէն՝ ցոյց տալով մեզի մեր փրկութեան միակ միջոցն ու երկինքի ճամբան»:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ ԱՐԺ. Տ. ՄՈՎՍԷՍ ՔՀՆՅ. ՇԱՆՆԱԳԵԱՆԻ

Ծնած է Այնճար, Լիբանան, 1983-ին։ 2008-ին աւարտած է Թորոնթոյի Համալսարանը եւ ստացած Պսակաւոր արուեստից վկայական՝ Neuroscience եւ Psychology ճիւղին մէջ (Honors B.Sc.): 2012-ին արժանացած է Աստուածաբանական Մագիստրոսի տիտղոսին (M. Div), Թորոնթոյի Ս. Միքայէլ Համալսարանէն: Նոյն տարին հաստատուած է Լոս Անճելըս եւ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ստանձնած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան աշխատանքներ, նաեւ որպէս ուսուցիչ մինչեւ օրս իր ծառայութիւնը կը բերէ Ազգային երկու վարժարաններէ ներս: Քահանայ ձեռնադրուած է 2017-ին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ համախորհուրդ Արեւմտեան Թեմի Խառն Ժողովին, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը նշանակեց Հոգեւոր հովիւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022