Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցասրահի նոր կեդրոնին բացման արարողութիւնը։ Ցուցասրահը կը գործէր աւելի քան 10 տարիէ ի վեր, այժմ ունի նոր կեդրոն մը եւս։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, ներկայ եղաւ բացման արարողութեան։
Ողջոյնի խօսք ուղղեց ցուցասրահին սեփականատէրը՝ Տիկին Քարոլայն Թիւֆէնքեան։ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան կողմէ խօսք առաւ Տիար Արտաշէս Քասախեան, որ շնորհաւորեց այս նախաձեռնութիւնը։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց շնորհաւորանքի իր խօսքը եւ օրհնեց հաստատութիւնը, ապա նախագահեց ժապաւէնի հատումի արարողութեան։