Ուրբաթ, 15 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 49-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Կլէն Արտըն» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։
Ներկայ էր ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, որ այս առթիւ շնորհաւորական գնահատագիր մը յանձնեց վարժարանի տնօրէնութեան։ Ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետուհի Դոկտ. Քարմէն Օհանեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ վարժարանի Ուսումնական Մարմինի անդամներ, վարժարանի բարերարներ ու բարեկամներ։
Ներկայ էին նաեւ Հոլիվուտի շրջանի բոլոր կազմակերպութիւնները յատկապէս Հ.Յ.Դ. Գարեգին Նժդեհ Կոմիտէի, ՀՕՄ-ի Մայր մասնաճիւղի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըս մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, որոնք յատուկ պատիւի արժանացան։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ գործադիր տնօրէնուհի Տիկին Մարալ Դաւիթեանի բացման խօսքով։ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան կատարեց բացման աղօթքը։ Աշակերտներէն ներկայացուցիչներ հանդէս եկան ներբողով մը ուղղուած Հ.Յ.Դ. Գարեգին Նժդեհ Կոմիտէին, ՀՕՄ-ի Մայր մասնաճիւղին ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըս մասնաճիւղին, որոնք մնայուն կերպով զօրավիգ կանգնած են վարժարանին եւ երախտիքի յուշատախտակներ յանձնեցին վարժարանին կողմէ։ Ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ վարժարանի գլխաւոր տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեան։
Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքին մէջ շնորհաւորեց վարժարանի մեծ ընտանիքը, մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն եւ նոր ամեակներու տօնակատարութիւններ։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց գլխաւոր տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեանն ու գործադիր տնօրէնուհի տիկ. Մարալ Դաւիթեանը։ Կանգ առնելով այս հանդիսութեան համար որդեգրուած «Վերելք Առյաւէտ» նշանախօսքին վրայ, Սրբազանը շեշտեց շարունակական վերանորոգման կարեւորութիւնը՝ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքերուն մէջ, միշտ յարանորոգ ճիգով եւ վերանորոգ ոգիով նոր մարտահրաւէրներ ընդունելու եւ միշտ աւելի լաւին ձգտելու կամքով։ Ան գնահատեց բոլորանուէր ճիգերը, որոնց շնորհիւ այս վարժարանը դարձաւ գիտութեան եւ ազգային պատկանելիութեան կարեւոր կռուան մը։ «Կասկած չունինք, որ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանը պիտի շարունակէ իր վերելքը այնքան ատեն, որ միակամ եւ նոյն նպատակին համար կ՛աշխատիք, նո՛յն տեսիլքով, նո՛յն եռանդով եւ ամէնէն կարեւորը հաւատքով, սիրով եւ համեստութեամբ», եզրափակեց ան։