Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը կը Շարունակէ իր Առաքելութիւնը


– Րաֆֆի Քէնտիրճեան Նշանակուած է Ատենապետ
– Ժան Թիթիզեան Ամբողջացուց Երկամայ Պաշտօնավարութիւնը

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր մարմինը 2014-2016 ին, գլխաւորութեամբ Տիար Ժան Թիթիզեանի ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն ի տես Սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեան. այս առթիւ ՍԱՐՖը կազմակերպեց տեղեկատուական հանրահաւաքներ Սուրիայէն ժամանած անհատներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացումներով, դասախօսութիւններ, հեռուստացոյցի միջոցաւ հարցազրոյցներ, հեռաձայնային անմիջական կապեր Սուրիոյ շտապի հետ, դրամահաւաքի ընթրիք երեկոներ, մենաթատրոն Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի, համերգի երեկոներ: Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայութեան բնակարանային վարձքերու հատկացումներ եղան, գործակցաբար Անի եւ Նարօտ հիմնարկի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ ՄԱԿի եւ Oxfamի հետ. վերջապէս Հայաստանի մէջ գործող զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպում եւ որոշ գործակցութիւն ի խնդիր Հայրենիքի մէջ ապաստանած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն: Վերջապէս ընթացիկ տարուան ՍԱՐՖի գլխաւոր դրամահաւաք Թելեթօնի մը գնահատելի յաջողութիւնը առաւել եւս խրախուսեց գաղութս եւ վերջապէս հասանելի օժանդակութիւնը սուրիահայ մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներուն:

ՍԱՐՖին մաս կազմող ներկայացուցիչներու համերաշխութիւնն ու արդիւնաւէտ աշխատանքը իր օժանդակութիւնը արդարացուց վերջին երկու տարիներուն գործող ատենապետ՝ Տիար Ժան թիթիզեանի նուիրումովն ու ջանասիրութեամբը, որ իր համեստութեամբ եւ քաջալերանքով առաջնորդեց ՍԱՐՖի երկամեայ բեղուն գործունէութիւնը եւ այս ժամանակաշրջանին Սուրիոյ շտապին փոխանցուեցաւ 1.4 Միլիոն:

Առ ի գնահատանք, ընթացիկ ամսուան Սեպտեմբերի 7ին ՍԱՐՖի գործադիր մարմինս կազմակերպեց ընթրիք երեկոյ մը Ֆինիշիա ճաշարանի մէջ եւ փոխանցեց երախտագիտական յուշանուէր մը Տիար Ժան Թիթիզեանի:

Վարձքդ կատա՛ր եւ ջանքդ անսպառ յարգելի ատենապետ:

Առ այդ փոխ-ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեան նշանակուեցաւ ՍԱՐՖի ատենապետ, որ նոյնքան նուիրուած եւ աշխատունակ իր ոգիով պիտի առաջնորդէ՝ վերանորոգուած ուխտով ՍԱՐՖի յառաջիկայ գործունէութիւնն ու նպաստը, տակաւ պատերազմի մէջ տագնապող մեր հայրենակիցներու ամենօրեայ կարիքներու հոգածութեան: Սուրիահայութիւնը տակաւ կ՛ապրի պատերազմական դժնդակ պայմաններու մէջ. շարունակենք մեր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը նորոգելով մեր ուխտը միասնաբար ամոքելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցաւերը:

Համազգային մտահոգութիւններով եւ միասնական ջանքերով՝

ՍԱՐՖի գործադիր մարմին

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022