Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. Վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան բարերար ամոլը սիրայօժար կերպով յանձն առած է ըլլալ Առաջնորդ Սրբազանին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքին գլխաւոր հովանաւորը:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոն տասնամեակներէ ի վեր ի մի կը համախմբէ մեր Թեմին հոգեւոր ու աշխարհական ժողովականները, Ազգ. Առաջնորդարանիս յարկին տակ ու անոր կողքին ծառայողներ, հայկական կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բազմահարիւր ազգայիներ, միասնաբար տօնախմբելու Ս. Ծննդեան տօնը, զիրար շնորհաւորելու եւ սրտագին բարեմաղթութիւններ փոխանակելու բացառիկ աոիթ մը։
Այս տարի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան ու կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին: Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան բարերար ամոլը այս առիթով իշխանական նուիրատուութիւն մը կը կատարէ Ազգային Առաջնորդարանին: Ձեռնարկին իրականացման եւ յաջողութեան մասնակից են նաեւ բազմաթիւ բարերարներ եւ բարեկամներ:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց բարերար ամոլին զօրակցական կեցուածքը, ըսելով. «Սարգիս Սեփէթճեան եւ իր ազնիւ Տիկինը՝ Նունէն, տարիներ շարունակ, բանիւ եւ գործով նուիրաբերած են մեր եկեղեցւոյ ու մեր ազգային հաստատութեանց, անոնք ծառայութիւն մատուցած են ո՛չ միայն իրենց բնակավայրին՝ Փասատինայի մեր ծխական համայնքին, այլ նաեւ նուիրաբերած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին, Ազգային Առաջնորդարանիս, Հայ Դատին ու մեր հաւաքական կեանքի այլ կալուածներուն: Թող Աստուած օրհնէ անոնց վաստակն ու նուիրաբերումը, Իր Ս. Աջը հովանի ընէ անոնց ընտանեկան յարկին եւ վարձահատոյց ըլլայ անոնց»: