Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին պիտի նշէ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ուրբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը, իսկ Շաբաթ, 6 Յունուարին՝ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ։
Ուրբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան՝ Ճրագալոյցին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը, իսկ Շաբաթ, 6 Յունուարին, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
Բարձր. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան Ս. Ծնունդի տօնին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան Ճրագալոյցին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Նոր Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Ս. Ծնունդի տօնին՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի, 7 Յունուարին, Ս. Ծննդեան Մեռելոցի օրուան առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Hall of Liberty»-ի սրահին եւ Կլենտէյլի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Հոլիվուտ Հիլզի արարողութեան։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու արարողութեանց եւ հաղորդակից դառնալու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսին։