Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը հանդիսաւոր Ս. Պատարագով պիտի նշուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ Ս. Զատկուան իր պատգամը պիտի փոխանցէ Կլենտէյլի Ս.
buy zovirax online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/zovirax.html no prescription
Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը պիտի սկսի ժամը ժամը 10։30-ին։
Շաբաթ, 20 Ապրիլին, Ս. Զատկուան նախօրեակին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի ու տեղի պիտի ունենայ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Ս. Գրոց ընթերցում ժամը 5։00-ին, Ս. Պատարագ ժամը 5։30-ին), իսկ Առաջնորդական Փոխանորդը՝ Օրէնճ Քաունթիի Ս.
buy viagra sublingual online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/viagra-sublingual.html no prescription
Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ (Ս. Գրոց ընթերցում ժամը 4։30-ին, Ս. Պատարագ ժամը 5։00-ին¥։
Երկուշաբթի, 22 Ապրիլին, Մեռելոցին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւնները պիտի սկսին ժամը 10ին:
Իսկ Հինգշաբթի, 25 Ապրիլին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ յատուկ արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան Միշըն Հիլզի «Արարատ Տան» մէջ։ Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնին յատուկ արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի հաստատութեան մատրան մէջ։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Ապա, տարեցներու բնակարանային բաժինին մէջ պիտի կատարուի տնօրհնէքի արարողութիւն։