Երկուշաբթի, 15 Ապրիլը Աւագ Շաբթուան առաջին օրն է։ Շաբթուան իւրաքանչիւր օրը նուիրուած է Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերու յիշատակման:
Աւագ Երեքշաբթի նուիրուած է 10 Կոյսերու առակին, որ կը պատգամէ միշտ պատրաստ ըլլալ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան։ Արարողութիւնները պիտի սկսին ժամը 7ին։
Աւագ Հինգշաբթին առաւօտուն, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի, յիշատակելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը Վերջին Ընթրիքին։ Երեկոյեան, պիտի կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւնը, հետեւողութեամբ Քրիստոսի ձեռքով Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու օրինակին։ Առաջնորդ Սրբազանը Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ժամը 5։00-ին, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ ժամը 5։30-ին։ Աւելի ուշ, տեղի պիտի ունենայ Խաւարման գիշերի արարողութիւնը, յիշատակելով Յիսուսի մատնութիւնը, ձերբակալութիւնը եւ չարչարանքը: Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Մոնթեպելլոյի Ս. խաչ Մայր Տաճարին արարողութեան, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ արարողութեան։ Արարողութիւնները պիտի սկսին ժամը 8ին։
Աւագ Շաբթուան ամենէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ Ուրբաթը, որ իր մէջ կ’ամփոփէ Յիսուսի խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութեան, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան։ Արարողութիւնները պիտի սկսին ժամը 7ին։
Աւագ Շաբաթ, Ճրագալոյցին, հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի, ապա տեղի պիտի ունենայ մոմավառութեան արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ժամը 5։30-ին ¤Ս. Գրոց ընթերցում ժամը 5։00-ին¥, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ ժամը 5։00-ին, ¤ Ս. Գրոց ընթերցում ժամը 4։30-ին¥։
Կիրակի, 21 Ապրիլին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը պիտի տօնախմբուի հանդիսաւոր Ս. Պատարագով։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ Ս. Զատկուան իր պատգամը պիտի փոխանցէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը պիտի սկսի ժամը ժամը 10։30-ին։
Երկուշաբթի, 22 Ապրիլին, Մեռելոցին, Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարեն Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւնները պիտի սկսին ժամը 10ին:
Իսկ Հինգշաբթի, 25 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի հաստատութիւնը պիտի այցելեն իրենց Զատկուան բարեմաղթութիւնները փոխանցելու համար: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի պահ մը եւ տօնին յատուկ արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի հաստատութեան մատրան մէջ։ Ապա, տարեցներու բնակարանային բաժինին մէջ պիտի կատարուի տնօրհնէքի յատուկ արարողութիւն։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլալու Աւագ Շաբթուան հոգեպարար արարողութեանց եւ հաղորդուելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յաղթական պատգամով։