Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. Ժողով Ս. Էջմիածինի Մէջ


11-13 Նոյեմբեր 2014-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, գումարուեցաւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց հերթական ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին Հայ Եկեղեցւոյ 61 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ: Ժողովին մասնակցեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։

Նոյեմբեր 11-ին, բացման արարողութենէն առաջ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցաւ Գիշերային ժամերգութեան` Ս. Հոգիին առաջնորդութիւնը հայցելով ժողովի աշխատանքներու բարի արդիւնաւորման համար: Ժողովին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Եպիսկոպոսաց ժողովի համաատենապետ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հրաւիրեց Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, որպէսզի փոխանցեն իրենց հայրապետական պատգամները:

Բացման արարողութեան աւարտին նշանակուեցաւ ժողովի դիւանը հետեւեալ կազմով. ատենապետներ՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, ատենադպիրներ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեան եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան:

Նախքան օրակարգի հարցերու քննարկումներուն անցնիլը, ժողովականները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, անցնող տարուան ընթացքին, Հայ Եկեղեցւոյ ի Տէր հանգչած հոգեւոր սպասաւորներուն հոգիներուն հանգստութեան համար:

Եպիսկոպոսաց դասը նաեւ շնորհաւորեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 15-ամեակը, մաղթելով արեւշատ երկար տարիներու հովուապետութիւն:

11-12 Նոյեմբերի նիստերը նուիրուած էին Հայ Եկեղեցւոյ սրբադասման կանոնի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման գործընթացի հետ առնչուած հարցերուն: Այս մասին զեկոյցներ ներկայացուցին Սրբադասման յանձնախումբի անդամներ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանը:

Եպիսկոպոսական ժողովը քննարկեց յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները եւ հաստատեց Հայ Եկեղեցւոյ սրբադասման ծիսակարգն ու արարողակարգը:

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը որոշուեցաւ կատարել 23 Ապրիլ 2015-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ: Տարեկան եկեղեցական յիշատակութեան տօնացոյցային օր որոշուեցաւ Ապրիլ 24-ը:

Ժողովը ընդունեց Մեծ Եղեռնի նահատակներու տարեկան տօնակատարութեան ծիսական կանոնը, որ կը ներառնէ շարականի կանոնն ու ժամամուտը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերու վկայաբանութիւնը: Որոշուեցաւ յիշեալ փաստաթուղթերը վերջնական մշակումէ ետք որդեգրել:

Սրբադասման յանձնախումբին յանձնարարուեցաւ կատարել անհատական սրբադասման համար անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները՝ նկատի ունենալով Կոմիտաս Վարդապետը եւ ուրիշ անհատներ:

12 Նոյեմբերի նիստը սկսաւ աղօթքով՝ Կիւմրիի ճանապարհին վրայ ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար՝ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհուածներու ընտանիքներուն:

12-13 Նոյեմբերի նիստերուն Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննեցին Հայ Եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներուն՝ Ս. Մկրտութեան եւ Ս. Դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական յանձնախումբի կողմէ կատարուած աշխատանքները: Այս մասին Ծիսական յանձնախումբի համաատենապետ Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեանը, յանձնախումբի անդամներ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեանը եւ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննիսեանը ներկայացուցին իրենց զեկոյցները, որմէ ետք եպիսկոպոսաց դասը ընդունեց Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներու միօրինակ բնագիրը: Մասնակի փոփոխութիւններով հաստատուեցաւ Ս. Մկրտութեան եւ Ս. Դրոշմի խորհուրդներու կանոնական ուղեցոյցը իսկ խորհուրդներուն վերամշակուած կանոնական ուղեցոյցը, որ վերանուանուեցաւ՝ Ս. Մկրտութեան եւ Ս. Դրոշմի խորհուրդներու հովուական ուղեցոյց: Նաեւ որդեգրուեցաւ նախամկրտական ուսուցողական ձեռնարկը: Ընդունուած փաստաթուղթերը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ կ’առաքուին թեմեր առ ի գործադրութիւն:

13 Նոյեմբերի առաջին նիստին, Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները աղօթք բարձրացուցին Արցախի սահմանագիծի վրայ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի օդուժի ուղղաթիռի ռմբահարման հետեւանքով զոհուած երեք հայորդիներուն համար եւ յայտարարութիւն մը կատարեցին՝ դատապարտելով Ազրպէյճանական հրահրող գործողութիւնները:

13 Նոյեմբերի երրորդ նիստին մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու աշխատանքները համակարգող Տիար Վիգէն Սարգսեանը: Տիար Վ. Սարգսեանը հանգամանօրէն ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով 2015 թուականին նախատեսուող պետական ծրագիրները՝ անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ հետ Հայաստանի եւ Սփիւռքի համատեղ իրականացուելիք միջոցառումներուն: Նաեւ տեղեկացուեցաւ նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին մասին:

Ժողովի վերջին օրը անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապ ունեցող զանազան մարտահրաւէրներուն՝ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը աւելի արդիւնաբեր կերպով իրականացնելու համար լուծումի կարօտ ծիսական, քարոզչական, կրթական-դաստիարակչական եւ ընկերային խնդիրներուն, որոնց հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ յառաջիկայ Եպիսկոպոսաց ժողովներուն օրակարգը:

Եռօրեայ ժողովի աւարտին եպիսկոպոսաց դասը գոհութիւն յայտնեց Ամենասուրբ Երրորդութեան՝ եղբայրական համախմբումի հնարաւորութեան, ինչպէս նաեւ ժողովի յաջող ընթացքին համար: Ժողովականները նաեւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին Կեդրոնական, Սրբադասման եւ Ծիսական յանձնախումբերու անդամներուն՝ ժողովի նախապատրաստական եւ օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերը հանգամանօրէն ուսումնասիրելնուն համար:

Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովը որոշուեցաւ գումարել 2016 թուականին:

Ժողովը փակուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքերով եւ աղօթքով:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 Նոյեմբեր 2014-ին հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներուն եւ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր:

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Նոյեմբերի 11-13 2014-ին գումարուող Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի մասնակիցները Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբերին, առաջնորդութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:

Վեհափառ Հայրապետները ծաղկեպսակներ զետեղեցին եւ ապա, անմար կրակին առջեւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Ապա, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պատասխանեց Եպիսկոպոսաց Ժողովին մասին թղթակիցներուն ուղղած հարցումներուն: Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ընդգծեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը վճռական անկիւնադարձ պիտի դառնայ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: “Հարիւր տարիներ մենք յիշեցինք ու յիշեցուցինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին. ժամանակն է, որ պահանջատիրութեան նոր ուժականութիւն եւ գունաւորում տանք: Անցնող ամիսներուն յաճախակիօրէն այս կէտը ես շեշտեցի: Հարիւրամեայ տարելիցին առիթով բաւարար չէ ձեռնարկներ կազմակերպել, յիշել մեր նահատակները: Այդ բոլորը կարեւոր են, անկասկած, բայց ես կը կարծեմ, որ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ պէտք է ըլլան 100-ամեայ տարելիցին առիթով”, ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ան նշեց, որ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը, որ եւ յանձն առած է Հայ Առաքելական եկեղեցին: “Փաստօրէն մեր նահատակները մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սրբադասուած են: Մեր ժողովուրդը այդ զոհերը կ’ընդունի իբրեւ նահատակներ հաւատքի ու հայրենիքի համար, եւ մեր եկեղեցին ժողովուրդին կողմէ արդէն սրբադասուած նահատակները կը ցանկայ կանոնական մօտեցումով սրբադասել: Երկրորդը, ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող արտայայտութիւնները, հանդիսութիւնները, ձեռնարկները պէտք է կարեւորութեամբ շեշտեն մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կեցուածքը: Մենք պահանջատէր ենք, մենք միայն պէտք չէ յիշենք մեր նահատակները, այլ նաեւ պէտք է բարձրացնենք մեր իրաւունքներու վերականգնման հարցը”, նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ինչ կը վերաբերի Սիսի կաթողիկոսութիւնը վերադարձնելու հարցին, ապա Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են: “Պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ իրաւական դաշտը այնքան ալ դիւրին չէ, սակայն պէտք է հաւաքական ճիգ գործադրենք այս ուղղութեամբ: Միջազգային օրէնքները ի՞նչ կարելիութիւններ որ ընծայեն, այդ բոլորը պէտք է քով-քովի բերել, ներդաշնակել եւ տեսնել, թէ ի՞նչ գործողութիւններ կրնանք ընել, որ մեր եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածները վերադարձնենք մեր ժողովուրդին եւ եկեղեցիին”, շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի

Գոհութիւն կը յայտնենք Սուրբ Երրորդութեան՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, որ վերստին շնորհքը պարգեւեց՝ 11-13 Նոյեմբեր 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի սեմին, Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ քննարկելու մեր Եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող հարցերը:

Աղօթքով կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր զոհերը, որոնք նահատակուեցան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց: Կը հաւատանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու սրբադասումը հոգեւոր նորոգութիւն եւ մխիթարութիւն կը բերէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Կը յորդորենք մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութիւն բերել 100-ամեայ տարելիցի ոգեկոչման միջոցառումներուն եւ անմեղ զոհերու սրբադասման՝ յիշատակի նուիրական արարողութիւնները դարձնելով հաւատքի ամրութեան քաջալերանք եւ հոգեւոր կեանքի նորոգութեան աղբիւր:

Եպիսկոպոսաց ժողովը կը հրաւիրէ ողջ քրիստոնեայ աշխարհը աղօթքով միանալու 2015 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւններուն՝ հայցելով նաեւ Տիրոջ օրհնութիւնը աշխարհի արդարութեան, խաղաղութեան, համերաշխութեան հաստատման եւ մարդկային կեանքը փոթորկող բազմաթիւ տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար:

Կոչ կ’ուղղենք միջազգային համայնքին, վճռականօրէն շարունակելու Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու գործընթացը: Կոչ կ’ուղղենք նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան, ճանչնալու հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնելու մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքները:

Կ’աղօթենք Աստուծոյ մեր նորօրեայ նահատակներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար: Կը դատապարտենք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու սահմաններուն վրայ կատարուող ազրպէյճանական կողմի սանձարձակ ռազմական գործողութիւնները, որոնց ցաւալի վերջին դրսեւորումն է Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարման օրերուն հայկական ուղղաթիռի ռմբահարումը եւ երեք հայորդիներու ողբերգական կորուստը: Աղօթք կը բարձրացնենք զոհուած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար՝ մեր ցաւակցութիւնը յայտնելով եւ զօրակցելով Հայրենիքի համար զոհուած քաջարի մեր մարտիկներու ընտանիքներուն: Մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան իրականացման ճանապարհին կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդարացի եւ խաղաղ կարգաւորումը, համաձայն միջազգային օրէնքներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումով:

Եպիսկոպոսաց ժողովը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայի մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն համար, որոնք պատճառ կը դառնան մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ աւերածութիւններու: Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք հակամարտութեան գօտիներուն վրայ բնակող խաղաղ բնակիչներուն՝ որոնց կարգին մեր ժողովուրդի զաւակները, աղօթելով ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադարման եւ աշխարհի մէջ ընդհանուր ու տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:

«Քրիստոս է մեր Աստուածը եւ մենք կը յուսանք Իրեն» աղօթքի բառերուն վստահութեամբ ու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին առջեւ, սիրտի պարտքի գիտակցութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողովը կը վերանորոգէ իր սրբազան ուխտը, շարունակելու իր սրբազան առաքելութիւնը՝ յանուն Հայ Եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան, ազգային միասնականութեան, մեր երկրի զօրացման ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարօրութեան:

Թող ամենազօրն Աստուած պահապան ըլլայ մեր Եկեղեցւոյ, Հայրենիքին եւ Հայոց Ազգին այսօր եւ յաւիտեանս, Ամէն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022