Մեր Թեմի բարի աւանդութիւններէն մէկն է այն, որ եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ Վարժարաններու վերամուտէն կարճ ատեն մը ետք, տեղի ունենայ տեսուչներու եւ ուսուցիչներու համագումար մը, որ կը յատկացուի, հիմնականին մէջ, յառաջիկայ տարուան ծրագիրներու մշակման։
Այս տարի, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկիչ մարմինը վերամուտի համագումարը կազմակերպած էր Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերին, Թարգմանչաց տօնին օրը։ Ժողովը տեղի ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւորականաց դասու անդամներ։
Կէսօրէ առաջ, տեղի ունեցաւ Վերահսկիչ Մարմնի ժողովը։ Բացման աղօթքէն ետք, ներկաները ծանօթացան Վերահսկիչ Մարմինի նոր նշանակեալ անդամներուն. տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն. Րաֆֆի Թորոսեան եւ Յակոբ Ջաղացպանեան ընտրուեցան զոյգ ատենապետներ։ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան ընտրուեցաւ ատենադպիր։
Տեսուչները զեկուցումներ տուին իրենց դպրոցներուն մասին ինչպէս նաեւ ներկայացուցին վերամուտի առթիւ տարած աշխատանքներն ու ուսումնական ծրագիրները։ Հայր Միւռոն, իր կարգին, տեղեկութիւններ տուաւ անցեալ տարուան մարմինի աշխատանքներուն եւ իրագործումներուն մասին։ Խաչիկ Սրկ. խօսեցաւ կիրակնօրեաներու աշակերտները հայ գիրքին ու հոգեւոր գրականութեան հաղորդ պահելու միջոցներուն մասին։ Հանդիպումը աւարտեցաւ ուսումնական, կրթական կազմակերպչական հարցերու շուրջ խորհրդակցութեամբ եւ առաջարկներու փոխանակումով։ Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցներու առաքելութեան եւ ուսուցչական կազմերու նուիրումին անդրադառնալով, բարձր գնահատեց անոնց ցարդ կատարած աշխատանքները եւ թելադրեց, որ հաւատքով, նուիրումով ու սերտ գործակցութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը ի նպաստ հայ մատղաշ սերունդի կրօնական ու հայեցի առողջ դաստիարակութեան։ Սրբազան Հօր օրհնութեան աղօթքով աւարտեցաւ Վերահսկիչ Մարմնի առաւօտեան ժողովը։
Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչները, ուսուցիչներն ու կամաւոր ծառայողները միացան ժողովին։ Հաւաքական աղօթքէ, Կիրակնօրեայի քայլերգին ու թարգմանչաց նուիրուած շարականին երգեցողութենէ երգերու ետք, Հայր Միւռոն արտասանեց ողջոյնի խօսք։ Այնուհետեւ, Րաֆֆի Թորոսեան առաջնորդեց հոգեւոր խորհրդածութեան պահ մը, մեկնելով Մատթէոսի Աւետարանի եօթներորդ գլուխի 6էն 12 համարներէն. ան շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնն ու ներգործութիւնը՝ հաւատացեալներու կեանքին մէջ։ Յակոբ Ջաղացպանեան, հակիրճ զեկուցում մը ներկայացուց առաւօտեան հանդիպումին մասին։
Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան խօսեցաւ Թարգմանչաց սերունդի գործին ու աւանդին մասին։ Ապա, մասնակիցները տեսակէտներ ու առաջարկներ փոխանակեցին ուսումնական յառաջիկայ տարուան աշխատանքներուն մասին։
Համագումարը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան աղօթքով ու փակման խօսքով։ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ թէ Թարգմանչաց տօնը մեծ տօն է, որ առիթ է ու հրաւէր, որ իբրեւ հայ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ զաւակներ, մեր դաստիարակութեան աշխատանքը տանինք հայու քրիստոնէական հաւատքով, մեր կեանքը առաջնորդենք Աստուծոյ պատուիրաններու հետեւողութեամբ, իսկ այս առաքելութեան ամէնէն լուսաշող օճախը մեր կիրակնօրեայ դպրոցն է։ Սրբազան Հայրը շեշտեց թէ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները մեր եկեղեցին պայծառակերպելու ճիգին մէջ են, այս աշխատանքները անհատական աշխատանքներ չեն, այլ հաւաքական, որովհետեւ մենք անհատական հաւաքականութիւններ չենք, մենք մէկ ամբողջութիւն ենք իբրեւ Աստուծոյ որդիներ, հայ եկեղեցւոյ զաւակներս մեր աւանդութիւններով եւ սրբութիւններով առաջնորդուինք, որպէսզի հաւասարապէս հայ եւ առաւելաբար քրիստոնեայ մեր կեանքը առաջնորդենք եւ յաջողութեամբ պսակենք մեր բոլոր ծրագիրները։
Այնուհետեւ, ներկաները ունեցան յիշատակի խմբանկար մը։ Անոնց նաեւ բաշխուեցան յուշանուէրներ, որոնց շարքին՝ Կարօ Պետրոսեանի »Հայեցի Կրթութեան Ճանապարհ«, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի »Հայ Եկեղեցւոյ Պատասխանները Ոչ-Ուղղափառ առարկութեանց« հատորներէն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ »Հոգեւոր Պրիսմակ«ի նորագոյն թիւէն օրինակներ ու Ս. Գրային դրուագներու հիմամբ նկարազարդ թերթիկներ։