Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը։
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, այս առիթով, նախատօնակի արարողութիւն պիտի կատարուի Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն։ Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։
Նոյն երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան, «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Ս.
buy zoloft online https://salempregnancy.org/wp-content/languages/new/zoloft.html no prescription
Աթոռոյս հովանին վայելող Թեմի հաստատման 60-ամեակին ու Արեւմտեան մեր Թեմի 45-ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւն մը։ Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան աղօթք պիտի բարձրացուի Թարգմանչաց Վարդապետաց յիշատակին։
կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդակից դառնալու Սբ. Թարգմանչաց վարդապետաց աւանդին։