Իւրաքանչիւր տարուան Յունուարին, Լոս Անճելըսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի կ’ունենայ յիշատակումի յատուկ արարողութիւն եւ մոմավառութիւն, ի յարգանս արհեստական վիժումի հետեւանքով անծին մանուկներուն:
Այս տարի, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին, նախագահութեամբ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզին: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արարողութեան ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: